ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ մեկնեցաւ Վատիկան:
Նախքան իր մեկնումը, Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ` մաղթելով, որ ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի ատիկա իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ երկրին վրայ:
«Կառավարութեան կազմութեան արձանագրած այս յապաղումը անըմբռնելի է մեզի համար եւ այդ իրականութիւնը վատ է քաղաքացիներուն համար, որոնք տնտեսական եւ ընկերային մեծ տագնապներ կը դիմագրաւեն», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը, պատասխանելով Պքերքէի հոգեւոր վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան 6-րդ եւ 7-րդ կէտերուն առնչութեամբ շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդին արտայայտած վերապահութեան վերաբերող հարցումին, յայտնեց, որ հոգեւոր վեհաժողովը փոխադարձ սիրոյ եւ փոխըմբռնումի վեհաժողով էր, որուն ընթացքին բոլոր հոգեւոր պետերը ուրախ էին եւ զանոնք կը համակէր եղբայրական մթնոլորտ մը:
«Մենք կը բաւարարուինք Պքերքէի մէջ իսլամ թէ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն արձանագրած գեղեցիկ խօսքերով, որոնց շնորհիւ մենք ապրեցանք հոգեկան հրճուանքի ու գոհունակութեան պահեր եւ անգամ մը եւս փաստեցինք, որ Լիբանան կրօնական պետութիւն չէ, այլ` քաղաքացիական, եւ ան գիտէ յստակ կերպով պետութիւնը կրօնէն անջատել: Իսկ երեկոյեան կատարուած յայտարարութիւնները մեզի չեն հետաքրքրեր, որովհետեւ անոնք քաղաքական մեկնաբանութիւններ են: Մեզի կը հետաքրքրեն ազգային եւ հոգեւոր սկզբունքները, որոնք վեհաժողովին ընթացքին ամրապնդուեցան», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթավերջին Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին` լիբանանեան տարբեր շերտերը, համայնքները եւ տեսակէտները կամրջելու անոր ճիգերուն համար:
Ապատի շեշտեց, որ Իրան միշտ կը ջանայ իր յարաբերութիւնները պահպանել լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան ազգային միասնականութեան, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան: