Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Յարգանքով եւ սիրալիր արտայայտութեամբ վարուեցէք ձեր գործակիցներուն հետ` վերակացու ըլլաք թէ գործընկեր: Օրը ունի իր պահանջը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շուրջիններէն ամէն բան մի՛ պահանջէք, որքան` դուք ձեզմէ: Օրինակելի ըլլալը լաւագոյն դաստիարակութիւնն է շուրջիններուն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մարզական փորձերը արդիւնաւէտ կ՛ըլլան, եթէ պահէք հետեւողականութիւնը: Ձեր ֆիզիքական բարելաւումը ապահովեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օդի փոփոխութեան կարեւորութիւն տուէք, մանաւանդ երբ գարուն է արդէն: Մնացէք ուշադիր ուտելիքի եւ հագուելիքի պարագային:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քունը կարեւոր է ձեր առողջութեան համար: Երբ որոշուած ժամերուն քնանաք, առաւօտուն կանուխ կ՛արթննաք եւ օրը կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ: Յարգեցէք այս կանոնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շուրջիններուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք, անոնց նայուածքը ձեր վրայ պիտի ըլլայ: Օգտուեցէք այս հաճելի առիթէն եւ ուրախացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հսկեցէք ձեր առողջութեան, կերած-խմածին, քունի ժամերուն: Այս կապակցութեամբ անտարբեր մի՛ մնաք: Օրը ունի նկատառելի հարցեր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ժամանակ պիտի անցընէք ձեր սիրած անձերուն հետ: Անոնք ձեզի հետ պիտի ուրախանան, որովհետեւ երկար ատենէ ի վեր զիրար չէիք տեսած: Հիւրասիրութիւնը պիտի ըլլայ ջերմ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի մտածէք նոր աշխատանքի մը մասին, կամ` նոր ասպարէզ մը որդեգրելու: Ինչ որ ալ ըլլայ ձեր փափաքը, լաւ մտածեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օտար լեզու սորվելու փափաքը ունիք: Կրնաք ձեր գիտցած լեզուն զարգացնել` աւելի լաւ արտայայտուելու համար: Սորվիլը միշտ օգտակար եղած է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւատես էք, բայց նոյն ատեն գիտցէք պաղարիւն մնալ հարցեր քննելու պարագային: Ինչ որ պիտի ընէք հանդարտութեամբ որոշեցէք: Օրը լաւ է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կ՛ուզէք երկխօսութիւն մը կատարել, բայց պիտի մերժուիք: Հանդարտ մնացէք եւ մի՛ ստիպէք ոեւէ մէկուն` կատարել ձեր պահանջածը: Իմաստուն եղէք:

Share this Article
CATEGORIES