50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1963)
Հայկական Կեանք
Պէյրութահայ Երգիչ Տիգրան Ժամկոչեան
Պոլսոյ Ռատիոկայանէն
Պէյրութահայ երիտասարդ երգիչ Տիգրան Ժամկոչեան, որ վերջերս Պոլիս գացած էր շարք մը երգահանդէսներ տալու համար, վերադարձած է Պէյրութ` փայլուն յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք:
Պոլսահայ թերթերը մեծ գովեստով արտայայտուեցան հայ երգիչին մասին, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին` զգալի նուաճումներ արձանագրած է երգարուեստի կալուածին մէջ:
Վաղը` չորեքշաբթի, 27 մարտ, Տիգրան Ժամկոչեանի երեք ձայնագրուած երգերը գիշերուան ժամը 10:10-ին, պիտի տրուին Պոլսոյ ռատիոկայանէն, 428 մեթրալիք երկարութեան վրայ: Ժամկոչեան պիտի երգէ Սթրատիլլայի «Արիա տի Քիիզա»-ն, Հենտըլի «Սերսէ»-էն եւ Կլուքի «Օրֆէ»-էն կտորներ:
Ուխտաւորներու Ուշադրութեան
Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին առիթով Երուսաղէմ ուխտի գալ փափաքող մեր բարեպաշտ ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալը.
1.- Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ ուխտաւորներուն յատկացուելիք սահմանափակ թիւով սենեակները հանգստաւէտ եւ կահաւորուած չեն ըստ ամենայնի:
2.- Մեր կամքէն անկախ, պիտի պարտաւորուինք սրահներու եւ ի հարկին վրաններու տակ բնակեցնել ուխտաւորները. ուստի կը յանձնարարենք, որ անոնք գիտնան այս պարագան եւ իրենց հետ բերեն անհրաժեշտը:
3.- Անոնք, որոնք կը փափաքին աւելի հանգստաւէտ եւ յարմար պայմաններու մէջ բնակիլ յԵրուսաղէմ, կրնան այժմէն իսկ հաղորդակցիլ Երուսաղէմի մէջ գտնուող պանդոկներու հետ եւ իրենց համար բնակութեան տեղ ապահովել:
4.- Տնօրէն ժողովէն նշանակուած յանձնախումբ մը պիտի ջանայ օգնել ուխտաւորներուն, որպէսզի անոնք չզրկուին տեսնելէ Քրիստոսի Ս. գերեզմանին լուսահանութեան հանդիսութիւնը, Աւագ հինգշաբթիի ոտնլուայի արարողութիւնը եւ Երուսաղէմի, Բեթղեհէմի եւ շրջակայքի սրբազան վայրերը:
Կարեւոր է, որ Երուսաղէմ ուխտի եկող ամէն հայու, մեծ կամ փոքր, անունը արձանագրուի ուխտաւորաց տոմարին մէջ, եւ իւրաքանչիւրը ստանայ Ս. Գլխադրի եւ Ս. Յարութեան նկարներով պատրաստուած ժապաւէնը: Ուստի, մինչեւ իսկ այն ուխտաւորները, որոնք վանքին մէջ պիտի չբնակին, պէտք է վանքին թարգմանատունը հանդիպելով` արձանագրուին, որպէսզի տեղեակ պահուին յանձնախումբին կարգադրութեանց:
ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ

