Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Ընտրութեան Լոյսին Տակ. Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին Եւ Պապական Իշխանութեան Առաքելական Իրաւունքները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Ա. պապ 19 մարտ 2013-ին, աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ մատուցուած պատարագի ընթացքին պաշտօնապէս ստանձնեց Հռոմի եպիսկոպոսի աթոռը: Ան աշխարհի ղեկավարներուն եւ բոլոր մարդոց կոչ ուղղեց պաշտպանելու աղքատներն ու տկարները:

***

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին գլխաւորաբար լատին եկեղեցին է, եւ ամէնէն տարածուածը լատինական ծէսն է: Մինչեւ Վատիկանի երկրորդ ժողովը (1962-1965) եկեղեցական արարողութիւնները լատիներէն կը կատարուէին, բայց այնուհետեւ` տեղական լեզուներով: Ամպրոսեան ծէսը տարածուած է Միլանոյի արքեպիսկոպոսութեան եւ շրջակայքին եւ Զուիցերիոյ իտալախօս շրջաններուն մէջ: Պրակայի ծէսը տարածուած է հիւսիսային Փորթուգալի` Պրակայի արքեպիսկոպոսութեան շրջանին մէջ: Մոզարաբական ծէսը արաբական տիրապետութեան ժամանակներէն տարածուած էր Սպանիոյ մէջ, բայց ներկայիս միայն Թոլետոյի մայր տաճարին մէջ պահպանուած է: Ափրիկեան տեղական ծէսեր պահպանուած են Ափրիկէի մէջ գործող եկեղեցիներուն մէջ: Կան նաեւ վանական ուխտերու` պենետիքթեան, սիսթերսեան եւ կարմեղեան ծէսերը:

Լատին եկեղեցւոյ կողքին, հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ բաղկացուցիչ մասերն են Հռոմի կապուած Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիները:

– Անտիոքեան կամ արեւմտեան ասորական ծէսը պահպանած մարոնի, ասորի կաթողիկէ եւ ասորի մալանքարա կաթողիկէ եկեղեցիները:

– Քաղդէական կամ արեւելեան ասորական ծէսը պահպանած քաղդէական եւ ասորի մալաբարի կաթողիկէ եկեղեցիները:

– Հայկական ծէսը պահպանած հայ կաթողիկէ եկեղեցին:

– Աղեքսանդրեան ծէսը պահպանած ղպտի կաթողիկէ եւ Եթովպիոյ կաթողիկէ եկեղեցիները:

– Բիւզանդական ծէսը պահպանած մելքիթ յոյն կաթողիկէ, Ուքրանիոյ յոյն կաթողիկէ, Ռութենիոյ կաթողիկէ, ռուս կաթողիկէ, Պիելոռուսիոյ յոյն կաթողիկէ, Հունգարիոյ բիւզանդական կաթողիկէ, սլովաք յոյն կաթողիկէ, Ռումանիոյ յոյն կաթողիկէ, Խրուաթիոյ յոյն կաթողիկէ, իտալեւալպանական կաթողիկէ, Ալպանիոյ բիւզանդական կաթողիկէ, Պուլկարիոյ յոյն կաթողիկէ, յոյն բիւզանդական կաթողիկէ եւ մակեդոնական բիւզանդական կաթողիկէ եկեղեցիները:

***

Վատիկանի Սիստինեան մատուռը

Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներն են` մկրտութիւն, դրոշմ, հաղորդութիւն, ապաշխարութիւն, հիւանդներու օծում, ձեռնադրութիւն եւ ամուսնութիւն:

Կրօնական աստիճաններն են` սարկաւագ, քահանայ եւ եպիսկոպոս: Սարկաւագը սահմանուած է քահանաներուն եւ եպիսկոպոսներուն օգնելու եւ ծառայելու: Քահանաները կուսակրօնութիւն կ՛ուխտեն, կրնան եպիսկոպոսութեան աստիճանին բարձրանալ եւ արքեպիսկոպոսութեան կոչումին արժանանալ:

Իւրաքանչիւր ծխական եկեղեցի առանձին ժողովրդապետութիւն է եւ ունի իր քահանան (կամ քահանաները), սարկաւագը (կամ սարկաւագները), իր ծխական խորհուրդը, ծխական սրահը, նաեւ` դպրոցը եւ վանքը: Ժողովրդապետութիւնները կը կազմեն թեմը, որ ունի իր եպիսկոպոսը կամ արքեպիսկոպոսը:

Եկեղեցիներուն մէջ առտու եւ իրիկուն ժամասացութիւն կը կատարուի, իսկ կիրակի եւ տօն օրերուն` հանդիսաւոր սուրբ պատարագ:

Լատին եկեղեցական տոմարը կ՛ընդգրկէ Գալուստ (Նոյեմբեր 30-ի մօտիկ կիրակին), Ծնունդ (դեկտեմբեր 25), Աստուածայայտնութիւն (յունուար 6), Մկրտութիւն (յունուար 6-ի յաջորդող կիրակին), Բարեկենդան, Փակեալ խորան եւ քառասնօրեայ Մեծ պահք, Ծաղկազարդ, Աւագ շաբաթ, հինգշաբթի` ոտնլուայ, երեկոյեան` Յիսուսի մատնութիւնն ու չարչարանքները եւ  ուրբաթ` Թաղում, Զատիկ, յաջորդ կիրակի` Գոհաբանութիւն, Զատիկէն քառասուն օր ետք` Համբարձում, Զատիկէն յիսուն օր ետք` Հոգեգալուստ, Հոգեգալուստին յաջորդ կիրակին` Սուրբ Երրորդութիւն, անոր յաջորդ կիրակին` Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը, Հոգեգալուստին երկրորդ կիրակիին յաջորդող ուրբաթը` Սիրտ Յիսուսի, օր մը ետք` Սիրտ Մարիամի, Աստուածածին (օգոստոս 15), Ամենայն սրբոց  (նոյեմբեր 1, երբ գերեզմանատուներ ննջեցեալներուն կ՛այցելեն) եւ նոյեմբեր 27-ի նախորդող կիրակին` Քրիստոս թագաւոր:

***

Հռոմ

Հռոմ, յաւիտենական քաղաքը, Թեւերէ նաւարկելի գետի ափերուն, գետաբերանէն քիչ մը հեռու, եօթը բլուրներու վրայէն տարածուած` յարակից դաշտերը, կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեդրոնն է եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան օրրաններէն մէկը: Հռոմի հիմնադիրները իրենց մանկութեան շէկ գայլը ծծեցին եւ իրենց փառքը սփռեցին աշխարհի վրայ: Գեղարուեստական իր արտասովոր ճոխութեամբ, իր մեղմ ու խոնաւ ձմեռներով, տաք ու չոր ամառներով եւ իր կախարդական գիշերներով, Հռոմ հինի եւ նորի իւրայատուկ խառնուրդ է` իր Ֆորումով, Պանթէոնով, Քափիթոլիումով, Քոլիզեումով (Փլաւիոսներուն ամփիթատրոնը), քարէ կոթողներով, սիւնաշարերով, գետնադամբաններով, աղբիւրներով, շատրուաններով, ջրուղիներով, աստիճանաշարերով, հոյակերտ եկեղեցիներով, գեղակերտ պալատներով, ապարանքներով, պարտէզներով, բարձրայարկ շէնքերով, հրապարակներով, մայրուղիներով եւ հին, նեղ փողոցներով ու աւանդական բնակարաններով թաղերով:

Լատիններու (եւ պատմութեան ընթացքին անոնց խառնուած շարք մը ցեղերու) ազգագրական առանձնայատկութիւններու, մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան ժառանգորդներ, լաւատես, ուրախ, հաղորդական եւ համբերատար նկարագիրով յատկանշուող իտալացիք իրենց ցեղային անջնջելի կնիքը դրած են լատին եկեղեցւոյ վրայ, եւ իտալական կրօնական աւանդութիւնները դարձած են համաշխարհային քրիստոնէական աւանդութիւններ:

Հռոմէն եւ իտալական թերակղզիէն լատինական մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնն ու լեզուն տարածուելով` համաշխարհային քաղաքակրթութեան փառքը կերտեցին: Լատինական լեզուներ են իտալերէնը, ֆրանսերէնը, սպաներէնը, փորթուգալերէնը եւ ռումաներէնը: Հռոմէական ճարտարապետական յուշարձաններ եւ հռոմէացիներու օրով կառուցուած քաղաքներ կան Եւրոպայի չորս ծագերուն, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:

Բնութեան եւ ամենատեսակ կլիմաներու բազմազան խառնուածքով, եկեղեցիներու, վանքերու, սրբատեղիներու եւ ուխտագնացութիւններու երկիր, Հռոմի կողքին` իտալական իւրաքանչիւր քաղաք ունի իր ուրոյն դիմագիծը` իր արտաքին ճարտարապետական կառոյցով, իր սուրբերով, մատոննաներով (Աստուածածնի փոքր արձաններ), բնակիչներու սովորութիւններով, նիստ ու կացով եւ խոհանոցով (յիշենք համաշխարհային տարածում ունեցող իտալական խմորեղէնները, պանիրները եւ  գինիները): Փօ գետի հովիտի ընդարձակ դաշտերուն մէջ, Միլանոն` իր գոթական հոյակերտ տաճարով: Բարձունքներով շրջապատուած ծովափնեայ նեղ գօտիի մը մէջ, Ճենովան` իր միջնադարեան, զառիվեր եւ զառիվար նեղ փողոցներով, բազմայարկ նեղլիկ տուներով, կամուրջներով եւ պալատներով: Ծովերու թագուհի Վենետիկը` իր ջրանցքներով եւ անոնց վրայ երթեւեկող կոնտոլներով, Սուրբ Մարկոսի տաճարով, տոճերու պալատով, Հառաչանքի կամուրջով, իր դիւթիչ ու ցնորական գիշերներով եւ արեւու տակ փայլող ծովային լողարաններով: Նափոլին` կանաչազարդ բլուրներէն դէպի գեղատեսիլ ծոցը իջնող, խիտ առ խիտ իրարու վրայ թափուած տուներով, նեղ ու գալարուն փողոցներով եւ հեռուն` Վեզուվ հրաբուխի կատարէն բարձրացող ծուխով: Փիզան` իր թեք աշտարակով, տաճարով եւ մկրտարանով: Ֆիրենծէն` Արնօ գետին ափերուն, Վերածննդեան օրրանը, գիտութեան եւ արուեստներու կեդրոնը, Մետիչի դուքսերու քաղաքը, գեղարուեստականօրէն բազմազան իր ճարտարապետութեամբ, շքեղ ապարանքներով, պալատներով, թանգարաններով, հրապարակով, գեղակերտ մայր եկեղեցիով եւ կամուրջով:

***

Հ

Հռոմ. Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարը

ռոմի եպիսկոպոսը կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետն է եւ պապ տիտղոսը կը կրէ: Լատիներէն փափա հայր կը նշանակէ: Գ. դարէն սկսեալ Արեւմուտքի եպիսկոպոսները պապ կը կոչուէին (Արեւելքի մէջ` Աղեքսանդրիոյ եպիսկոպոսը), բայց Զ. դարէն սկսեալ պապ կոչումը Հռոմի եպիսկոպոսին սեփականութիւնը դարձաւ:

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին կը հաւատայ, որ Յիսուս Սիմոն Պետրոսը եկեղեցւոյ պետ նշանակեց: Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն Սիմոն առաջինը եղաւ որ Յիսուսը Փրկիչ Քրիստոս հռչակեց, եւ Քրիստոս զայն անուանեց Պետրոս (վէմ), որուն վրայ պէտք է կառուցուէր եկեղեցին. «Եւ ես քեզի կ՛ըսեմ որ դուն Պետրոս ես, ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, եւ դժոխքին դուռերը զանիկա պիտի չյաղթեն»: Քրիստոսի խաչելութենէն ետք Սիմոն Պետրոս գլխաւորեց Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքը: Ան Հռոմի առաջին եպիսկոպոսը եղաւ եւ Ներոն կայսեր օրով քրիստոնեաներուն դէմ շղթայազերծուած հալածանքներուն ժամանակ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին Սուրբ Պետրոս առաքեալը իր առաջին պապը կը նկատէ: Եպիսկոպոսներու առաքելական յաջորդութեան հիմամբ, Հռոմի եպիսկոպոսը յաւիտեանս յաւիտենից առաջնութիւն կը վայելէ կառավարելու ամբողջ եկեղեցին:

Պապին տիտղոսն է` Հռոմի եպիսկոպոս, Յիսուս Քրիստոսի տեղապահ, առաքեալներու իշխանի ժառանգորդ, Տիեզերական եկեղեցւոյ գերագոյն փոնթիֆ (լատիներէն` փոնթիֆէքս, կը նշանակէ կամուրջ կառուցող), Իտալիոյ փրիմաթ (եպիսկոպոսապետ), Հռոմէական նահանգի արքեպիսկոպոս եւ մետրոպոլիտ, Վատիկանի միապետ, Աստուծոյ ստրկաց ստրուկ: 1836-էն 2005 պապերը նաեւ Արեւմուտքի պատրիարք տիտղոսը կը կրէին:

Պապը սպիտակ սքեմ կը հագնի, վիզին խաչ մը կը կրէ, որ Յիսուսի խաչելութեան իրական խաչէն նշխար մը կը պարփակէ, իսկ մատին անցուցած մատանին Ձկնորսի մատանի կը կոչուի: Պետրոս ձկնորս էր, երբ Յիսուս մօտեցաւ անոր եւ եղբօրը` Անդրէասի ու ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք, եւ ձեզ մարդոց որսորդ կ՛ընեմ»:

Պապը կը նկատուի անսխալական, կը ձեռնադրէ եպիսկոպոսներ, կը յղէ ուղերձներ (լատիներէն` էնսիքլիուս, որ ընդհանուր կը նշանակէ), եկեղեցական եւ դիւանագիտական նշանակումներ կը կատարէ եւ տիեզերական ժողովներ կը հրաւիրէ:

Պապը կ՛ընտրուի ցմահ իշխանութեամբ: Պատմութեան ընթացքին հրաժարած պապերն են` Պոնտիանոս (230-235), Մարկեղիանոս (296-304), Լիպերիոս (352-366), Սիլվերիոս (536-537. աքսորուած), Պենետիկտոս Ը. (964. գահընկէց եղած), Յովհաննէս ԺԸ. (1004-1009), Պենետիկտոս Թ. (1032-էն 1048 երեք անգամ գահակալած եւ հրաժարած), Սեղբեստրոս Գ. (1045), Գրիգոր Զ. (1045-1046), Կելեստինոս Ե. (1294), Գրիգոր ԺԲ. (1406-1415) եւ Պենետիկտոս ԺԶ. (2005-2013):

***

Պապէն ետք կու գան կարտինալները (լատիներէն քարտինալիս, գլխաւոր). այդ տիտղոսը անոնց կը շնորհէ պապը: Կարտինալները բարձրաստիճան եկեղեցականներ են, եկեղեցւոյ իշխանները, Հռոմէական Քուրիայի (պապական դիւանակալութեան) գլխաւորները եւ առանձին երկիրներու եկեղեցիներու պետեր: Կարտինալները կարմիր սքեմ կը հագնին, կարմիր գդակ կը դնեն եւ մատանի կը կրեն: Կարտինալի երեք աստիճան կայ. կարտինալ-եպիսկոպոս, կարտինալ-քահանայ եւ կարտինալ-սարկաւագ:

Պապի վախճանումէն ետք վարիչ կարտինալը երեք անգամ կ՛ըսէ պապին մկրտութեան անունը, իւրաքանչիւր ըսելուն արծաթեայ թաշկինակով մը մեղմօրէն հարուածելով ճակատը, ապա պաշտօնապէս կը յայտարարէ անոր վախճանումը: Բօթը կը գուժեն եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջները: Ապա մուրճով կը ջախջախուի վախճանեալ (կամ հրաժարեալ) պապին Ձկնորսի մատանիին վրայի կնիքը, ուր դրոշմուած կ՛ըլլայ պապին անունը, կանխելու համար որեւէ զեղծարարութիւն: Այս խորհրդանշական ծէսը կը նշանակէ պապի աթոռակալութեան վախճանը: Նոյն պահուն եկեղեցւոյ իշխանութիւնը կը փոխանցուի կարտինալներու խորհուրդին, մինչեւ նոր պապի ընտրութիւն:


 

Share this Article
CATEGORIES