Հայրենի Կեանք
Պատրատեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.»-ի Ցանցի Կարելիութիւնները`
Ի Նպաստ Գիւղատնտեսութեան
Այժմ արդէն Արմաւիրի մարզի 12 գիւղերու մէջ կարելի է կանխել կարկուտին պատճառած բերքին կորուստը:
Յիշեցնենք, որ 2008-2012 թուականներուն «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը յատկացուցած է 180 միլիոն դրամ` Արմաւիրի մարզին մէջ 28 «Զենիթ» հակակարկտային կայաններ տեղադրելու համար:
Կլիմայական պայմանները միշտ նպաստաւոր չեն եղած Հայաստանի գիւղատնտեսներուն համար: Ամէն տարի երկրի գիւղատնտեսութիւնը բերքի զգալի կորուստ կը կրէ անբարենպաստ եղանակային պայմաններու պատճառով: Կարկուտին հասցուցած վնասը կը կազմէ բնական աղէտներու պատճառած վնասին մօտաւորապէս 50 տոկոսը: Կարկուտը յաճախ կը պատճառէ բաւական մեծ, իսկ որոշ պարագաներու` նաեւ բերքի լրիւ կորուստ: Այս բոլորին վրայ կ’աւելնայ նաեւ վերջին տասնամեակներուն արձանագրուող կլիմայական փոփոխութիւնը, որ յանգեցուցած է կարկտային տեղումներու սաստկացումը:
Մշակուած հողատարածքները կարկուտէն պաշտպանելու ամէնէն արդիւնաւէտ տարբերակը հակակարկտային կայաններու տեղադրումն է: 2012-ի ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեամբ ութ «Զենիթ» հակակարկտային կայան արտադրուած եւ տեղադրուած է Արմաւիրի Քարակերտ, Լեռնագոգ, Շենիկ, Նոր Արտամետ եւ Արգինա գիւղերուն մէջ: Բացի ատկէ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը նոյն մարզին 15 միլիոն դրամ ալ յատկացուցած է` 3 նոր հակակարկտային կայանի տեղադրման համար: Այս անգամ անոնք տեղադրուած են Արեւադաշտ եւ Արաքս գիւղերուն մէջ: Ընդհանուր առմամբ` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ներդրումներու ծաւալը 2008-ին կազմած է 36 միլիոն դրամ, իսկ 2009 եւ 2010 թուականներուն, համապատասխանաբար` 40 եւ 44 միլիոն դրամ: Այս գիւղերուն ագարակատէրերուն համար յստակ է, թէ ի՛նչքան նիւթական վնաս կրնայ հասցնել կարկուտը:
Հակակարկտային ամբողջ համակարգը կը ներառէ յատուկ սարքաւորումներ, որոնք կը յայտնաբերեն կարկուտ կրող ամպերու կուտակումը, կը համակարգեն հակակարկտային հրթիռներու գործարկումը եւ այլն: «Զենիթ» հակակարկտային կայանները կ’աշխատին մեծ ուժգնութեամբ ուղղահայեաց հարուածային ալիքները դէպի մթնոլորտ տարածելով: Այդ ալիքները կը վնասեն կարկտաբեր ամպերու կառուցուածքը եւ կը չէզոքացնեն կարկուտի հաւանականութիւնը:
Հակակարկտային կայանի կառավարումը կ’իրականացուի ինքնաբերաբար բջիջային ցանցի միջոցով, բջիջային հեռախօսէ կարճ հաղորդագրութիւններ ուղարկելով: Վերջինիս թեքնիք ապահովումը կ’իրականացուի «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան կապի միջոցներով: Ի դէպ, հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը հակակարկտային կայաններու համար սահմանած է կապի յատուկ սակագին: Կայանի ինքնաբեր աշխատանքը ապահովելու համար կ’օգտագործուի արեւային համակարգ: Կայանները շատ պարզ եւ դիւրին են` կիրառման մէջ: Չորրորդ տարին անընդմէջ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ցանցը արդիւնաւէտ կերպով կ’օգտագործուի գիւղատնտեսական նպատակներով: Նախապէս հակակարկտային համակարգերը կը վերահսկուէին կապի անլար ձայնասփիւռային մոտըմի միջոցով, որ այդքան ալ անարդիւնաւէտ չէր:
«Գիւղատնտեսութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան առաջնային եւ միեւնոյն ժամանակ ամէնէն խոցելի ոլորտներէն է: Ցաւօք, զգալի ժամանակ եւ ներդրումներ պահանջող բերքը կրնայ բնական աղէտի պատճառով ոչնչացուիլ ընդամէնը քանի մը վայրկեանէն: Ասիկա մեծ կորուստ է գիւղացիներուն համար: Մենք, սակայն, պէտք է գիտակցինք, որ այս հարցը կը վերաբերի իւրաքանչիւրիս, որովհետեւ բերքի ոչնչացումը մեծ կորուստ է ո՛չ միայն երկրի տնտեսութեան, այլ նաեւ գիւղերու, քաղաքի եւ առհասարակ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի իրականացուցած այսօրինակ ծրագիրները կը խօսին գոյութիւն ունեցող հարցին շուրջ մեր ընկերութեան համակարգած մօտեցման մասին: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը կը նպաստէ Հայաստանի մէջ կեանքի առաւել լաւ որակի ապահովման», արձանագրած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Ընդհանուր առմամբ, 2008-2012 թուականներուն «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 180 միլիոն դրամ տրամադրած է` 28 հակակարկտային կայանի կառուցման եւ տեղադրման համար: Գիւղական համայնքներուն մէջ զգալի այս ներդրումը իրականացնելով, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը միտի նուազագոյնի հասցնել բերքի կորուստը եւ օգնել գիւղերու բնակիչներուն` կայուն եկամուտ ստանալու իմաստով: Այդ մէկը անհրաժեշտ է նաեւ ապագային կայուն զարգացում արձանագրելու համար:
«Զենիթ» հակակարկտային կայանները մշակուած եւ արտադրուած են «Բարվա ինովացիոն» կեդրոնին կողմէ` մտաւոր եւ արդիւնաբերական տեղական պաշարներու օգտագործումով:
«Արի Տուն»` Յունիս 11-էն Օգոստոս 30
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը այս տարի պիտի սկսի յունիս 11-ին եւ աւարտի օգոստոս 30-ին:
«Անիկա պիտի իրականանայ ութ հանգրուանով, որովհետեւ այս տարի ծրագրին համար յատկացուած գումարները աւելի շատ են, հրաւիրուող մասնակիցներուն թիւը կը նախատեսուի հասցնել 900-ի, 2012-ի` 800-ի փոխարէն», յայտնած է Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեան:
Ընդարձակուած է նաեւ աշխարհագրութիւնը: Այս տարուընէ սկսեալ իւրաքանչիւրը ծրագիրին կրնայ մասնակցիլ մէկ անգամ: Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագիրը հաստատած է փետրուարի վերջը:
«Այցելելով Հայաստան եւ մասնակցելով «Արի տուն» ծրագրին` սփիւռքահայ երիտասարդները կարելիութիւն կ՛ունենան ծանօթանալու հայրենիքի պատմութեան եւ մշակոյթին: Միաժամանակ անոնք կ՛ունենան բացառիկ կարելիութիւն` ապրելու հայկական հիւրընկալ ընտանիքի մէջ եւ ձեռք բերելու հասակակից ընկերներ Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն», նշած է Մխիթարեան:
Ծրագրին հիմնական նպատակը սփիւռքահայ երիտասարդները Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին, հասարակական կեանքին, հոգեւոր եւ ընտանեկան աւանդութիւններուն ծանօթացնելն է, ինչպէս նաեւ` հայրենիքին հետ ամուր կապերու ձեւաւորման նպաստելը, ազգային ինքնորոշման ամրապնդումը, Հայաստանի եւ սփիւռքի հասակակից երիտասարդներուն միջեւ ընկերական յարաբերութիւններու հաստատումը:
Ծրագիրը կը ներառէ` այցելութիւններ Հայաստանի հիմնական պատմական մշակութային վայրեր, համերգներ, փառատօներ, ցուցահանդէսներ, թատերական ներկայացումներ, նաեւ` հայոց լեզուի, գրականութեան, պարարուեստի, հայոց պատմութեան եւ եկեղեցական աւանդութիւններու ուսուցում: Ծրագիրը կարեւոր է Հայաստանի եւ սփիւռքի հասակակիցներու միջեւ կապերու հաստատման իմաստով, ինչպէս նաեւ յատկանշական են պետական եւ հասարակական նշանաւոր գործիչներու հետ հանդիպումները:
Ծրագրին կրնան մասնակցիլ 13-20 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդները, որոնք պէտք է հոգան միայն բնակութեան երկրէն Հայաստան գալու եւ վերադառնալու իրենց ճամբու ծախսը:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Ընդունած Է
«Հայկական Ինքնութեան Հարցերը 21-րդ Դարուն»
Խորագիրով Գիտաժողովի Հիւրերուն
Մարտ 15-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեանը, նոյն համալսարանի սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեանը, լեզուաբան Արմենակ Եղիայեանը, Միացեալ Նաhանգներու մէջ գործող «Տիեասփորա» ամսագիրի խմբագիր Խաչիկ Թէօլէօլեանը:
Անոնք Հայաստան կը գտնուէին մասնակցելու սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի միացեալ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայկական ինքնութեան հարցերը 21-րդ դարուն» խորագիրով գիտաժողովին:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը ողջունեց հիւրերը: Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարին` մատնանշելով, որ վերջին տարիներուն սփիւռքի նախարարութեան շնորհիւ է, որ աշխուժացած է Երեւանի պետական համալսարանի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի կարեւոր համագործակցութիւնը: Ան շեշտեց սփիւռքի նախարարութեան մնայուն ներկայութիւնը համալսարանի կողմէ կազմակերպուող ձեռնարկներուն:
Հ. Յակոբեան խօսեցաւ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու մասին: Ըստ անոր, գիտական ուսումնասիրութիւններու մակարդակով կը հետազօտուին սփիւռքին վերաբերող հարցերը եւ հարցադրումները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայկական սփիւռքին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները. հայապահպանութեան ու լեզուի պահպանութեան հիմնական հարցերը: Այս պարունակին մէջ նախարարութեան իրականացուցած հայրենաճանաչութեան, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու ազդեցութիւնը նկատելի է աշխարհասփիւռ հայութեան` ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ համախմբուելու հարցին մէջ:
Հիւրերը նախարարին հետ կիսեցին հայկական սփիւռքին առկայ հիմնական հարցերուն վերաբերող իրենց մտահոգութիւնները: Անդրադարձան նաեւ հայրենադարձ սփիւռքահայերուն Հայաստանի մէջ ապրելու եւ հաստատուելու իսկական ու շօշափելի կարելիութիւններուն:
Հանդիպման աւարտին կողմերը համաձայնեցան շարունակելու աշխուժօրէն գործակցիլ նախարարութեան ծրագիրներուն, յատկապէս` համահայկական նշանակութիւն ունեցող գաղափարներուն շուրջ համախմբուելու գործին մէջ:
Կայացաւ Սուրիահայերու Հիմնական Հարցերը Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնախումբին Հերթական Նիստը
Մարտ 13-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբին հերթական նիստը: Յանձնախումբի նախագահ Հրանուշ Յակոբեան ողջունեց գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները` շեշտելով սուրիահայերու հիմնական հարցերու լուծման ուղղուած անոնց միացեալ ջանքերը եւ գործելու պատրաստակամութիւնը:
Նիստին ընթացքին զեկուցումով հանդէս եկաւ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի ընկերային ապահովութեան վարչութեան նախագահ Ռուզաննա Զաքարեան: Ան ներկայացուց երեւանաբնակ սուրիահայ ընտանիքներու ընկերային աջակցութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ քաղաքապետարանին կողմէ իրականացուած աշխատանքները: Ռ. Զաքարեան նշեց, որ սուրիահայերու համար իրականացուող ծրագիրները առաւել հասցէական եւ նպատակային դարձնելու համար կատարուած է ընկերային վիճակագրական վերլուծութիւն, գնահատուած են կարիքները եւ առաջնահերթութիւնները: Այս ուսումնասիրութեան համաձայն, մէկ անգամ եւս հաստատուած է, որ սուրիահայերուն համար առաջնահերթ են բնակարանային եւ աշխատանքի տեղաւորման հարցերը: Ցարդ 156 սուրիահայ ընտանիք Երեւանի քաղաքապետարանէն նիւթական աջակցութիւն` բնակարանային վարձավճարի, դեղորայքի օգնութիւն ստացած են: 215 ընտանիք ստացած է կենցաղային իրեր, 66 ընտանիք` պարենային մթերքներու օգնութիւն: Ներկայիս 11 ընտանիք կ՛օգտուի բարեգործական ճաշարաններէ եւ 31 տարեց կը ստանայ կենսաթոշակ:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի կրթութեան վարչութեան նախագահ Գայեանէ Սողոմոնեան ներկայացուց սուրիահայերու համար նախատեսուած կրթական ծրագիրները` առանձնացնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ 2012 թուականի ամրան կազմակերպուած արեւելահայերէնի արագ եւ ամփոփ ուսուցման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ` հոկտեմբերին Երեւանի թիւ 14 դպրոցին մէջ ստեղծուած սուրիական կրթական ծրագրով գործող «Կիլիկեան» դպրոցը, ուր կը դասաւանդեն սուրիահայ ուսուցիչներ: Նշենք, որ այժմ դպրոցին մէջ կ՛ուսանի 370 աշակերտ:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի վարչութեան նախագահ Լուսինէ Ստեփանեան ներկայացուց վերջին 2 ամիսներուն Հայաստանի գերատեսչութիւններու, որոնց կարգին` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքները:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Հայկ Դարբինեան ըսաւ, որ սրտային հիւանդութիւններու հետազօտումը սուրիահայերուն համար եւս անվճար է, անհրաժեշտութեան պարագային` անվճար պիտի տրամադրուին նաեւ 150 անուն դեղեր:
Նիստը ամփոփեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Որոշուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան հետ միասին` սուրիահայերու համար լեզուներու ուսուցման կեդրոն բանալ, ուր պիտի կազմակերպուին արեւելահայերէնի, ռուսերէնի եւ ցանկութեան պարագային նաեւ այլ լեզուներու խտացեալ դասընթացքներ: Նախարարը նշեց, որ նախնական քննարկման հանգրուանի մէջ է սուրիահայերու համար, իրենց մասնակցութեամբ, երեւանամերձ շարք մը բնակավայրերու մէջ բնակարաններ կառուցելու հարցը:
Նիստի աւարտին հաստատուեցաւ սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբին 2013 թուականի աշխատանքային ծրագիրը:
Հայաստանի Բոլոր Սրբավայրերը Ամբողջական Կամ
Մասնակի Վերականգնման Կարիք Ունին
Պետութեան հովանիին տակ գտնուող եւ անժամկէտ օգտագործման իրաւունքով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին յանձնուած մօտաւորապէս 21 յուշարձաններ 2013 թուականին պիտի վերականգնուին: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան նախագահ Արմէն Աբրոյեան այս հաստատումը կատարեց` աւելցնելով, թէ մշակոյթի նախարարութիւնը այս տարի կը նախատեսէ համապատասխանաբար 16 յուշարձանի վերականգնման եւ 3 յուշարձանի նախագծային աշխատանքներ: «2012 թուականի ընթացքին կատարուած են թիւով 16 յուշարձաններու վերականգնողական եւ 4 յուշարձաններու վերականգնման գիտանախագծային փաստաթուղթերու կազման աշխատանքներ, որոնց նպատակով ծախսուած է 214 միլիոն դրամ», յայտնած է ան:
Անոր համաձայն, նախորդ տարի առաւել վտանգուած յուշարձաններու պահպանութեան նպատակով կատարուած է 25 յուշարձաններու վերանորոգում: «Պետութիւն-սեփական մարզ համագործակցութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ, 2012 թուականէն սկսեալ միացեալ ծրագրեր իրականացուցած են Գառնիի միջնադարեան կամուրջի, Մխիթար Գոշի դամբարանի, Նոր Վարագավանքի, Ախթալայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Կամարիսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ, Օձունի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ, Կուրիս գիւղի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ, Արթիկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Արուճի տաճարի, Տաթեւի վանական համալիրի, Գիւմրիի մարզային գրադարանի նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու մշակման եւ վերականգնման աշխատանքներու ապահովման նպատակով», դիտել տուած է ան:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կողմէ կը շարունակուին աշխատանքները Հառիճավանքի, Գեղարդաւանքի, Օձունի եւ Ախթալայի մէջ: Այս վանքերուն վրայ պիտի աւելնայ նաեւ Գոշավանքը: Նախատեսուած է նաեւ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարի գմբէթներու հիմնական նորոգութիւն:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ 2012 թուականին Մայր Աթոռին կողմէ հիմնովին կամ մասնակի կերպով վերանորոգուած են Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցին եւ Հառիճավանքը, Նորադուսի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Հաղարծինը: Բարեկարգուած է Սեւանի վանական համալիրը: Մասնակի նորոգութիւններ կատարուած են Գեղարդաւանքի եւ Վաղարշապատի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Նախապատրաստական եւ հետազօտական աշխատանքներ կատարուած են մայր տաճարի, Ախթալայի եւ Օձունի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգութեան համար: «Եկեղեցիներու նորոգութեան հետ կապուած միաժամանակ մեծ քայլեր ձեռնարկելու համար բաւարար միջոցներ չունի թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ ալ հայոց եկեղեցին: Սակայն, ըստ առաջնահերթութեան, այնուամենայնիւ, որոշակի աշխատանքներ կը ձեռնարկուին` նախ կարելի եղածին չափ պահպանելու վտանգուած աղօթատեղիները, ապա բարեկարգ պահելու մեր ամբողջ սրբազան ժառանգութիւնը: Այդ հարցին լուծման համար եկեղեցւոյ օգնութեան կը հասնին բարերար հայորդիները, որոնց աջակցութեամբ թէ՛ Մայր Աթոռը եւ թէ՛ թեմերը կրնան նկատելի արդիւնքներ արձանագրել», դիտել տուած է ան:
Տէր Վահրամին համաձայն, հայրենիքի գրեթէ բոլոր սրբավայրերը, անկախ այն հանգամանքէն, թէ փոխանցուա՞ծ են եկեղեցւոյ, թէ՞ ոչ, կարիք ունին ամբողջական կամ մասնակի վերականգնման: «Նմանօրինակ աշխատանքներ կ’ենթադրեն հսկայական գումարներ, կրնամ նշել նաեւ, որ երբեմն նոր եկեղեցի մը կառուցելը նուազ միջոցներ կը պահանջէ, քան` պատմական վանք մը նորոգելը: Սակայն այս բնաւ չի նշանակեր, որ նախապատուութիւնը կը տրուի նոր եկեղեցիներուն: Նոր տաճարներ հիմնականօրէն կը կառուցուին այն բնակավայրերուն, քաղաքներուն կամ թաղամասերուն մէջ, ուր երբեւէ եկեղեցի չէ եղած եւ աղօթատեղիի անհրաժեշտութիւն կը նկատուի», յայտնած է ան:
Նշանաւոր Պատկերասփիւռի Կայաններ
Հայաստանի Զբօսաշրջային Վայրերուն Վերաբերող
Հոլովակներ Պիտի Ցուցադրեն
Արտասահմանեան հեղինակաւոր պատկերասփիւռի կայաններ Հայաստանի մասին ծանուցողական հոլովակներ պիտի ցուցադրեն: Անոնք միջազգային հանրութեան եւ զբօսաշրջային շուկային Հայաստանը պիտի ներկայացնեն իր լաւագոյն կողմերով` ցուցադրելով հայկական զբօսաշրջային վայրերու գրաւչութիւնը: Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան նախագահ Մեխակ Ապրեսեան յայտնած է, որ նման նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպուին ո՛չ միայն զբօսաշրջային ծանուցումի նպատակով, այլ նաեւ` տարբեր երկիրներ լաւ կողմերով միջազգային հանրութեան ներկայացնելու համար:
«Այդպիսի ձեռնարկները շատ կարեւոր են, սեփական մարզի եւ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ խորհրդակցելէ ետք, մենք անմիջապէս պիտի իրականացնենք այդպիսի նախաձեռնութիւններ, եթէ գտնենք, որ անոնք կրնան շահաւէտ եւ արդիւնաւէտ ըլլալ երկրին համար», յայտնած է Մ. Ապրեսեան` աւելցնելով, որ արտասահմանեան կայաններէն հայկական զբօսաշրջային վայրերու վերաբերող ծանուցողական հոլովակներու ցուցադրութիւնները վերջին տարիներուն պարբերաբար սփռուած են եւ պիտի շարունակուին սփռուիլ:
«Եուրոնիուզ» եւ «Սի.Էն.Էն.» կայանները նախորդ տարի սփռած են հայկական զբօսաշրջային ծանուցումներ, որոնք արդիւնաւէտ եղած են եւ այս տարի եւս կը նախատեսուի, որ տուեալ կայաններուն հետ համագործակցութիւնը շարունակուի: «Եուրոնիուզ» եւ «Սի.Էն.Էն.» հեռուստաընկերութիւններու հետ վերջին տարիներուն համագործակցութիւնը իսկապէս նպաստեց մեր երկրին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման եւ զբօսաշրջիկներու բաւականին մեծ հոսք ապահովեց Հայաստանին», նշած է Մ. Ապրեսեան:
Հեղինակաւոր պատկերասփիւռի կայաններու կողմէ հայկական ծանուցումներու սփռման յաջորդած է նաեւ այլ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը: «2010-ին վաւերագրական ժապաւէններ նկարահանող յայտնի կազմակերպութիւններէն մէկուն հետ միասին Հայաստանի մասին վաւերագրական ժապաւէն նկարահանուեցաւ` «Նոյի երկիրը» («Տը լենտ աֆ Նոա»), որ արդէն քանի մը հեղինակաւոր հեռուստաընկերութիւններ ցուցադրած են, իսկ քանի մը հատն ալ արդէն դիմումնագիր ներկայացուցած են ժապաւէնին ցուցադրութեան իրաւունքը ձեռք բերելու համար», յայտնած է զբօսաշրջութեան վարչութեան նախագահը` շեշտելով, որ ժապաւէնը արդէն իսկ սփռած են սպանական «Թելեվիժըն էսփանօլա»-ն, Չեխիոյ ազգային կայանը, ֆրանսական «Թի.Վի.5 Վոյէկըր»-ը եւ այլն:
Մեխակ Ապրեսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ միջազգային հեղինակաւոր կայանները կը շարունակեն անդրադառնալ Հայաստանի մէջ կազմակերպուող միջազգային եւ մշակութային բոլոր փառատօներուն: «Սի.Էն.Էն.», ռուսական «O.Ար.Թի.» եւ «Փի.Թի.Փի.», վրացական «Ռուսթաւի» հեռուստաընկերութիւնները պարբերաբար լուսաբանած են մեր երկրի համար արդէն աւանդոյթ դարձած զբօսաշրջային փառատօները եւ այս տարի այս հեղինակաւոր հեռուստաընկերութիւններուն հետ համագործակցութիւնը կրկին կը շարունակուի` հայկական արժէքները միջազգային հանրութեան որակեալ եւ արդիւնաւէտ ներկայացնելու համար», դիտել տուած է Մ. Ապրեսեան:
Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը իր զարգացման թափով եւ արդիւնքներով ամէնէն արագ կերպով զարգացող ճիւղերէն է: Նախորդ տարուան` 2011 թուականին հետ բաղդատելով, ներքին զբօսաշրջային այցելութիւններուն աճը կրկնակի աւելցած է: 2012-ի յունուար-դեկտեմբեր ամիսներուն Հայաստան եկած են 843 հազար 330 զբօսաշրջիկներ, կամ 2011-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` անիկա աճած է 11.3 տոկոսով:

