«Եղնիկներ»-ու Կազմաւորման 20-ամեակը Կը Նշուի Արցախի Մէջ
Արցախի Մարտակերտի շրջանի վերջին սահմանամերձ գիւղի մուտքին կայ հսկիչ անցագրային ստուգման կէտ մը: Տօնաշէն մտնելէ առաջ նախ կը ներկայանաս հերթապահին, յետոյ հերթապահը տեղեակ կը պահէ զօրամասի պատասխանատուին, դրական պատասխան ստանալէ ետք միայն կրնաս բռնել գիւղին ճամբան:
Պաշտպանական շրջանի վերածուած գիւղին մէջ տուները քանի մը անգամ աւելի են բնակիչներէն: Հակառակ անոր որ կիսաքանդ ու լքուած շինութիւնները բազմաթիւ են Տօնաշէնի մէջ, բայց գիւղին կեդրոնը կանգնած է յուշարձան մը` Շահումեանի ազատագրութեան համար զոհուածներուն նուիրուած:
1992-ի 12 յունիսին ազրպէյճանցիները մտան Շահումեան, գրաւեցին ամբողջ շրջանն ու Մարտակերտի քանի մը գիւղերը: Մէկ կողմէ Շահումեանը կը հայաթափուէր, միւս կողմէ` թշնամիի դէմ կանգնելու համար կը ձեւաւորուէր հայդուկային ջոկատ մը, զոր կը ղեկավարէր Շահէն Մեղրեանը: Հայդուկապետը իր կողքին` ռմբակոծութիւններու գօտիին մէջ կը պահէր իր ընտանիքը, մանկահասակ 3 երեխաները, որպէսզի միւսներն ալ մնային ու դիմադրէին: Շահէնի անմիջական մասնակցութեամբ ազատագրուեցաւ անոր ծննդավայր Գիւլիստանը, ցաւօք` 2 օրով միայն:
1993-ի ապրիլի 17-ին հայդուկները անգամ մը եւս Մեղրեանը ճանապարհորդեցին Երեւան` զինամթերք բերելու: Մարտական ընկերներուն աչքի առջեւ հարուածուեցաւ հրամանատարին ուղղաթիռը: Զոհուեցան նաեւ 7 մարտական ընկերները, որոնց կարգին զարմիկը` 16-ամեայ Զինաւոր Մեղրեանը, ուղղաթիռի անձնակազմի բոլոր 4 անդամները:
1992-ին Շահումեանի անտառներուն մէջ Շահումեանի ազատագրման համար կը պայքարէր Շահէն Մեղրեանի գլխաւորած հայդուկային ջոկատը: Անոր հետ կապ հաստատելու համար Հայաստանէն ու Արցախէն ռատիոկապով կը կանչէին «Եղնիկներ»: 2 տասնամեակ անց «Եղնիկներ» կը կոչուի հայդուկային ջոկատի հիման վրայ ձեւաւորուած պաշտպանական այն շրջանը, որ կը պահպանէ Հիւսիսային Արցախի սահմանը:
Այս օրերուն Արցախի մէջ կը տօնեն «7-րդ պաշտպանական շրջանի»` «Եղնիկներ»-ու կազմաւորման 20-ամեակը: Զօրահանդէսին կը մասնակցէին տարբեր տարիներու «Եղնիկներ»-ուն մէջ ծառայած ու ծառայող զինուորականներ, հայդուկային խումբի հիման վրայ կազմուած եւ պատերազմը վերապրած ազատամարտիկներ: Ներկայացուած զինամթերքը, ցուցադրական ներկայացում-մարզումները լուրջ բաժին մը կը մարմնաւորեն այն պատրաստութեան, զոր իւրաքանչիւր զինուոր ունի այս շրջանին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանական բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը յիշած է այն բազում դժուարութիւնները, զորս դիմակայած է Արցախը ճիշդ ա՛յս զօրամասին շնորհիւ:
«Դուք առանձնանում էք մնացած զօրամասերից, որովհետեւ ծառայում էք բաւականին բարդ կլիմայական պայմաններում, ցրուած` տարբեր կայազօրներում: Այն հատուածը, որ դուք էք պահում, բաւականին վտանգաւոր է, անտառների մէջ, դժուարանցանելի լեռներում, ապահովումը մի քանի անգամ աւելի դժուար, քան` մնացած պաշտպանական միւս շրջաններում: Եւ այս առանձնայատկութիւնները ձեր զօրամասին աւելի են ամրացնում, կուռ են դարձնում», յայտնած է հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը:
Հետախուզական վաշտի հրամանատար Կամօ Բաղէեանը կեանքը «Եղնիկներ»-ուն մէջ անցուցած է. սկիզբը կռուած է Շահէն Մեղրեանի հրամանատարութեան ներքոյ, հիմա ինք կ՛առաջնորդէ՛ զինուորները:
«Ես եղել եմ 15 տարեկան, ծառայել եմ հայդուկային ջոկատում, տարբեր ուղղութիւններով շատ մարտերի եմ մասնակցել: Մինչեւ այսօր ծառայում եմ հայրենիքին եւ պատրաստ եմ հակառակորդին հակահարուած տալ», նշած է Կամօ Բաղէեանը:
Տօնաշէն հասնիլը դիւրին չէ, բայց առաւել դժուար է յաղթահարել դէպի զօրամասեր ու դիրքեր տանող ճանապարհը:
Զինուորական առօրեան այս օրերուն տարբեր է. զինուորները կը վայելեն տօնական ազատութիւնը, իրենք կ՛որոշեն իրենց օրակարգը: 20 տարի առաջ «Եղնիկներ»-ուն մէջ կռուող կամաւորներու եւ այսօրուան կանոնաւոր բանակի զինուորներուն թիւը կարելի չէ համեմատել: Բայց զինուորները լաւապէս գիտեն իրենց համազգեստին պատմութիւնը, անցած ճանապարհը, իրենց վրայ դրուած պատասխանատուութիւնը:
Գիւղին ու զօրամասերուն մէջ կը տօնեն «Եղնիկներ»-ու կազմաւորման տարեդարձը, իսկ դիրքերուն վրայ ամէն ինչ նոյնն է` առանց աննշան փոփոխութեան: 14 օրը մէկ հերթափոխով զինուորները դիրքերուն վրայ են:
Անմատչելի ու անծայրածիր թուացող անտառները շուտով նորէն պիտի ծաղկեն: Իսկ թէ իսկութեան մէջ ի՛նչ վտանգներ կան անոնց մէջ, այդ մասին գիտէ միայն զինուորը: Զինուորը գիտէ այս մասին, բայց կը լռէ` զէնքը պատրաստ սպասելով հրամանատարին հրահանգին:

