Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ Տասը Կուսանաց Յիշատակումը
Աւագ երեքշաբթի, 26 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող` Տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութեան:
Ժամերգութեան ընթացքին, համաձայն տարիներու աւանդութեան, Աւետարանի ընթերցման ժամանակ (Մատթէոս 24.1-26.2), տասը հայ աղջիկներ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, դասին մէջ կանգնեցան: Անոնք կը ներկայացնէին Աւետարանին մէջ ներկայացուած տասը կոյսերը` իմաստուն եւ յիմար: Ընթերցումի ժամանակ, երբ կարդացուեցաւ տասը կոյսերուն դրուագը, անոնցմէ հինգը իրենց բաժնուած թուղթին մէջ «իմաստուն» գրութիւնը կարդալով, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ անոնք, որոնք «յիմար» կարդացին, մարեցին զանոնք` խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը: Իմաստունները Տիրոջ գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշէին, իսկ մնացեալները` անտարբեր մարդիկ, որոնք չեն հետաքրքրուած Աւետարանի բարոյական սկզբունքներով եւ իրենց առօրեան կ՛ապրին հեռու քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներէն:
Արարողութեան աւարտին, տասը կոյսերը Մայր տաճարի օգնական լուսարարապետ Տաճատ աբղյ. Աշըգեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը գնահատեց հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն նկատմամբ անոնց հետաքրքրութիւնը եւ յորդորեց սիրել իրենց մայրենի եկեղեցին ու գործադրել աւետարանական պատգամները:


