Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Քենթըրպըրիի Նորընտիր Արքեպիսկոպոսի Գահակալութեան

Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան

Քենթըրպըրիի նորընտիր արքեպիսկոպոսին գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ երկու օրեր առաջ, Քենթըրպըրիի (Անգլիա) մէջ: Ներկայ էին բազմաթիւ պետական թէ կրօնական անձնաւորութիւններ:

Գահակալութեան արարողութեան, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայ եղաւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Սրբազանը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ նորընտիր արքեպիսկոպոսին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին: Յաջորդ օրը, առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց նորընտիր արքեպիսկոպոսը եւ անոր փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին շնորհաւորութիւնն ու եղբայրական ողջոյնը:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Քենթըրպըրիի նորընտիր արքեպիսկոպոսին ուղղած իր յատուկ նամակին մէջ շնորհաւորած էր անոր ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը` մաղթելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Անկլիքան եկեղեցիներուն միջեւ էքիւմենիք գործակցութիւնը աւելի ծաւալի:

Share this Article
CATEGORIES