Տաւութօղլու Եւ Լիվնի Կը Քննարկեն Մերձեցման Քայլերը
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իսրայէլացի ընդդիմադիր ղեկավարներէն Ցիփի Լիվնիի հետ: Որոշուեցաւ կազմել յանձնախումբ մը, որ մօտերս նիստ մը գումարէ ու համակարգէ Թուրքեւիսրայէլեան մերձեցման քայլերը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերահաստատեց Կազա այցելութեան գծով իր մտադրութիւնը` յայտնելով, որ այդ այցելութիւնը պիտի կատարէ յառաջիկայ ապրիլին:
CATEGORIES Միջազգային

