Մինչ Պեքաայի Մէջ Փոխադարձ Առեւանգումները Կը Շարունակուին, Հիւսէյն Ժաաֆարի Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ

Պեքաայի մէջ փոխադարձ առեւանգումները տակաւին կը շարունակուին` նկատի ունենալով, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ բնակող Ժաաֆար գերդաստանի անդամներէն Հիւսէյն Ժաաֆար տակաւին կը մնայ առեւանգուած:

Ժաաֆար ընտանիքին համաձայն, Հիւսէյն Ժաաֆար առեւանգուած է Արսալի բնակիչներուն կողմէ եւ կը գտնուի Արսալի մէջ:

Այս տեղեկութիւնները հերքուեցան Արսալի պատասխանատուներուն եւ յատկապէս քաղաքապետ Ալի Հիւժէյրիի կողմէ: Միւս կողմէ, նշուեցաւ, որ Հիւսէյն Ժաաֆար կը գտնուի Սուրիոյ մէջ, եւ Արսալէն պատուիրակութիւն մը պիտի ուղղուի Սուրիա եւ բանակցութիւններ կատարէ վերադարձնելու համար զայն: Սակայն Սուրիա ուղղուած Արսալի պատուիրակութիւնը ձեռնունայն վերադարձաւ Լիբանան:

Մինչ Հիւսէյն Ժաաֆարի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, Ժաաֆար ընտանիքի անդամներ Պաալպեք-Հերմել միջազգային մայրուղիին վրայ կրակ բացին «փիք ափ» տիպի երկու ինքնաշարժներու վրայ եւ առեւանգեցին անոր մէջ գտնուողները` իրենց մօտ գտնուող առեւանգուածներուն թիւը բարձրացնելով եօթնի:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակը կէսօրէ ետք դիրքաւորուեցաւ Պաալպեք-Հերմել շրջանին մէջ` արգիլելու համար առեւանգումները, իսկ Շարաուինա թաղամասին մէջ բանակը կարգ մը ներխուժումներ կատարեց` Ժաաֆար ընտանիքին կողմէ առեւանգուած քաղաքացիները ազատ արձակելու նպատակով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES