Ազեզի Մէջ Գտնուող Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Կատարեցին Բողոքի Ցոյցեր

Հալէպի մէջ առեւանգուած 9 լիբանանցիներուն ընտանիքներէն անդամներ երէկ Պէյրութի դատարանին եւ Արաբական համալսարանին դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին անոնք կոչ ուղղեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի զիրենք յուզող թղթածրարը արծարծելու Տոհայի մէջ գումարուող Արաբական վեհաժողովին ընթացքին:

Ընտանիքներուն անունով խօսք առաւ Ատհամ Զղէյպ, որ շեշտեց, թէ Արաբական լիկայի վեհաժողովին մասնակցող բոլոր պետութիւնները, որոնց շարքին նաեւ Թուրքիա, ուղղակի պատասխանատուներն են լիբանանցի քաղաքացիներուն առեւանգման:

«Մեր համբերութիւնը հատած է, եւ կը պահանջենք անոնցմէ, որ միջամտեն այս հարցին եւ մեր հարազատները վերադարձնեն մեզի», ըսաւ ան:

Ատհամ Զղէյպ շեշտեց, որ յառաջիկայ 1 ապրիլ 2013-էն ետք իրենք վերջ պիտի տան լիբանանցի ոեւէ պատասխանատուի տուած ինքնազսպումի իրենց խոստումին եւ պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու:

Նշենք, որ ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին ճամբաները` բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն:

Share this Article
CATEGORIES