«Կը Մաղթեմ, Որ Կառավարութեան Հրաժարականը Ըլլայ Դրական Հանգրուան Մը Սկսելու Առիթ Մը» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որ յայտնեց, թէ ՄԱԿ պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքին:
Փլամպլի ողջունեց լիբանանեան քաղաքական կողմերուն ի գործ դրած ջանքերը` յանգելու համար ընտրական համախոհական օրէնքի մը:
Միքաթի ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց տանջանքի դէմ պայքարի ՄԱԿ-ի միջազգային պատուիրակութեան յառաջիկայ 8 ապրիլին Լիբանան կատարելիք այցելութեան վերաբերող հարցերը:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախանցեալ օր Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային առումով ապահովական իրադարձութիւնները:
Միքաթի մաղթեց, որ կառավարութեան հրաժարականը ըլլայ դրական հանգրուան մը սկսելու առիթ մը:


