Զօր. Աուն. «Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Մեր Մասնակցութիւնը Կախեալ Է Անոր Քննարկելիք Թղթածրարներէն»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ զօր. Աուն շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը կախեալ է այդ նիստին ընթացքին քննարկուելիք թղթածրարներէն: Ան աւելցուց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին կը մասնակցի, եթէ ընտրական օրինագիծը քննարկուի:

Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որ իր պաշտօնավարութեան ամբողջ ընթացքին գործակցեցաւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը միակ օրինական օրինագիծն է:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան հրաժարականին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Խազեն յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին գոյացած է համաձայնութիւն մը, թէ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն կը նկատուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES