Պըրրի Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Քաղաքական Տարբեր Ուժերու Ներկայացուցիչներուն Հետ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլն ու նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէն` ներկայութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի եւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Քառակողմանի հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան եւ խորհրդարանին վերաբերող հարցեր:
Աւելի ուշ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ատուան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ այս հանգրուանին առաջնահերթութիւն է վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու կայացումը` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը տակաւին կը զօրակցի ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութիւնը կը վայելէ: Ան կոչ ուղղեց 1960-ի ընտրական օրէնքը օրինական կերպով ջնջելու:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ շեշտեց, թէ այս հանգրուանին անհրաժեշտութիւնն ու առաջնահերթութիւնը Լիբանանի Ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնն է:
Ժեմայէլ ըսաւ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացնող Ազգային փրկութեան այս կառավարութիւնը իր նիստերուն ընթացքին պէտք է քննարկէ երկրին ու քաղաքացիին դիմագրաւած հարցերը եւ ատակ ըլլայ ստանձնելու այս հանգրուանին պատասխանատուութիւնը:
Նշենք, որ «Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պիտի մղէ մասնակցելու լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Կը նախատեսուի, որ խորհրդարանի նախագահը յառաջիկայ 5 ապրիլին խորհրդարանը հրաւիրէ լիագումար նիստի մը` վաւերացնելու համար ընտրական օրէնք մը:


