«Լիբանան Չէզոք Կեցուածք Կ՛որդեգրէ Տոհայի Վեհաժողովին Ընթացքին Սուրիոյ Մասին Տրուած Որոշումէն» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Արաբական վեհաժողովին մասնակցած լիբանանեան պատուիրակութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին հրաժարեալ կառավարութեան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, պետական նախարար Ահմետ Քարամէ, Գահիրէի մէջ Լիբանանի դեսպան Նաժի Ապի Ասի, Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Խալետ Զիատէ, ինչպէս նաեւ վարչական եւ ապահովական պատուիրակութիւն մը եւ շարք մը լրագրողներ երէկ հասան Քաթար:

Տոհայի մէջ նախագահ Սլէյման եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Քաթարի Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին եւ քաթարցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ:

Արաբական լիկայի 24-րդ վեհաժողովին ընթացքին, նախագահ Սլէյման վերահաստատեց Լիբանանի սկզբունքները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգուածներուն թղթածրարին:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման նշեց, որ սովորական ու բնական է, որ Լիբանան ուղղակիօրէն ազդուի Սուրիոյ ճակատագիրէն եւ կայունութենէն, «սակայն Պէյրութ տակաւին կը մաղթէ, որ Սուրիոյ տագնապին համար քաղաքական լուծման կարելիութիւն ստեղծուի: Լուծում մը, որուն մասին համաձայնութիւն կը յայտնեն սուրիական քաղաքական բոլոր կողմերը», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին մաս կազմող քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն գտնուած են կանխարգիլելու Սուրիոյ տագնապին Լիբանանի վրայ ունենալիք հետեւանքները եւ երկիրը հեռու պահելու առանցքներու քաղաքականութենէն:

«Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը արաբական եւ միջազգային ընդարձակ զօրակցութիւն վայելեց, եւ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով մենք զմեզ չէզոք կը նկատենք Սուրիոյ մասին վեհաժողովին ընթացքին տրուելիք որոշումէն», նշեց նախագահ Սլէյման` աւելցնելով, որ Լիբանանի պաշտօնական այս կեցուածքը աւելի եւս ամրապնդուած կը նկատուի, հակառակ անոր որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր անոր նկատմամբ յանձնառու չեն մնացած:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի չէզոք կեցուածքը կ՛ենթադրէ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը Լիբանանի հողերը չօգտագործէ զինուորական իր նպատակներուն համար:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց արաբ եղբայրներուն վերադառնալու Լիբանան` աւելցնելով, որ Լիբանան պատրաստ է արաբական պետութիւններուն հետ իր յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու:

Անդրադառնալով սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ արաբական երկիրները պէտք է գումարեն արտակարգ վեհաժողով մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրել գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն, այլեւ` քննել սուրիացի գաղթականները արաբական այլ երկիրներու մէջ հիւրընկալելու կարելիութիւնները:

Նախագահ Սլէյման լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգեալներուն թղթածրարը եւ կոչ ուղղեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին եւ Արաբական լիկայի ներկայ նստաշրջանը նախագահող պետութեան` ճիգ չխնայելու ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ առեւանգուած եւ տակաւին պատանդ պահուող լիբանանցիներուն ազատ արձակումին ի խնդիր:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս երկու երկիրներուն վերաբերող միացեալ հարցերն ու թղթածրարները:

Տաւութօղլու նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ողջոյնները` ընդգծելով Լիբանանի եւ անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ նաեւ, որ Թուրքիա նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, իսկ Անգարա պատրաստակամ է օժանդակելու Լիբանանի:

Տաւութօղլու նշեց նաեւ, որ Կիւլ եւ Էրտողան բարձր կը գնահատեն նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման Տաւութօղլուէն խնդրեց, որ Անգարա ամէն ջանք ի գործ դնէ եւ ճնշումներ բանեցնէ` ազատ արձակելու համար Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգեալները, ինչպէս նաեւ օժանդակէ Լիբանանին` հոն հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու նպատակով:

Նախագահ Սլէյման իր կարգին Տաւութօղլուէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Կիւլի եւ Էրտողանի:

Նախագահ Սլէյման Տոհայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին, Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ արաբական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական միացեալ աշխատանքները բարելաւելու հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES