ՀՅԴ-ն Աւագանիի Ընտրութիւններուն Կը Մասնակցի «Երեւան` Փոխի՛ր Հայաստանը» Կարգախօսով»

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան երէկ յայտնեց, որ «Երեւան` փոխի՛ր Հայաստանը» կարգախօսով Դաշնակցութիւնը կը մասնակցի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն:

Աղուան Վարդանեան նշեց, որ փոփոխութիւնները պիտի սկսին Երեւանէն եւ պիտի տարածուին ամբողջ Հայաստանի մէջ: Ան տեղեկացուց, որ մասնագիտական խումբ մը կ՛աշխատի նախընտրական ծրագիրին վրայ:

«Մենք պէտք է կարենանք գիտակցիլ, որ ասիկա ցուցակներու առաջին անուններու ընտրութիւն չէ, ասիկա ընտրութիւն է քաղաքական ուժերուն միջեւ: Ընդամէնը 4 տարուան ընթացքին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը երեք քաղաքապետեր նշանակած է եւ ասիկա կը նշանակէ, որ քաղաքապետի պաշտօնը այդ ուժին համար ոչ թէ ընտրովի, այլ նշանակովի պաշտօն է», նկատել տուաւ Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ Երեւանի աւագանին պէտք է իսկապէս դերակատար ըլլայ, եւ բնականաբար այս ընտրութիւնները քաղաքական ընտրութիւններ պէտք է ըլլան:

Դաշնակցութիւնը հարց դրած է այս ընտրութիւններուն իր իսկական դիրքերը ընդգծել արդիւնքներով, իսկ ատիկա ընելու նախադրեալներ կան` մասնագիտական խումբ, սկզբունքներ: Կուսակցութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ յաղթելու համար:

Անդրադառնալով ընտրութիւններուն ընդդիմութեան միասնական ցուցակով հանդէս գալու հարցին` Ա. Վարդանեան ըսաւ, որ միասին միակ ցուցակով հանդէս գալը չյաջողեցաւ, բայց նաեւ առանձնաբար մասնակցութիւնը կրնայ իրավիճակ փոխել: Ան կրկին խօսեցաւ աւագանիի ընտրութիւններէն առաջ նկատուող բացասական երեւոյթներուն մասին:

«Արդէն իսկ սկսած են ընտրակեղծիքներ նախապատրաստել: Ամէն օր վարչակազմին մէջ հերթական շրջանային այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան, բայց ասիկա երեւցող կողմն է, իսկ չերեւցողը այն է, որ իշխանութիւնը գործի դրած է իր ամբողջ վարչակազմը: Ուսուցիչները, համատիրութեան նախագահները հերթով կը կանչեն կուսակցութեան գրասենեակներ, ամէնէն խիստ յանձնարարութիւնները կու տան, տնտեսական միջոցները արդէն կամաց-կամաց գործի կը դրուին, մարզպետները Երեւանի մէջ գրասենեակներ կը բանան: Բայց այսօր մթնոլորտը փոխուած է, եւ ժողովուրդը կը տեսնէ, որ կրնայ որոշ բան փոխել», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

 

Share this Article
CATEGORIES