«Դաշնակցութիւնը Կը Հաւատայ, Որ Կարելի Է Հանգրուանային Ձեւով Հասնիլ Իշխանափոխութեան» Նշեց Արմէն Ռուստամեան
Այս օրերուն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի ամէնէն թէժ նիւթը նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ ասուլիսն էր, որուն ընթացքին ան պատասխանեց Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջարկներուն: «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկիրն այսօր» հաղորդումի «արդեօք այս երկխօսութիւնը ի՞նչ կ՛ենթադրէ եւ ի՞նչ կը խոստանայ: Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք Յովհաննէսեանի առաջարկներուն» հարցումին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց ըսելով, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան կը կրկնէ իր նախկին առաջարկները` կատարել նոր նախագահական ընտրութիւններ, ինչպէս նաեւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այս 2 առաջարկները մերժուած են: Մնացեալ առաջարկները որոշ չափով նման են դաշնակցութեան մօտեցումներուն, սակայն ոչ այն ձեւով, որ ներկայացուած է Վահան Յովհաննէսեանի առաջարկներուն մէջ:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, «Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ կարելի է հանգրուանային ձեւով հասնիլ իշխանափոխութեան: Մենք մեծ հոլովոյթի սկսանք Ազգային ժողովի նախագահին մօտ, երբ տեղի ունեցան խորհրդակցութիւններ, եւ մենք կ՛ուզէինք, որ իշխանութիւնները զիջումներ կատարեն:
Մենք երեք կէտեր առաջարկած էինք` ընդդիմութեան լծակներ տրամադրել, կառավարման համակարգը փոխել` անցնելով խորհրդարանական համակարգի եւ այդ նոր խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել այդ նոր համակարգին հիման վրայ:
Ա. Ռուստամեան ըսաւ, որ այս առումով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի կատարած առաջարկը առնուած է Դաշնակցութեան մօտեցումէն: «Սակայն մենք նկատի չունէինք իշխանութեան մէջ գործադիր պաշտօններ, այլ իշխանութիւնը զսպելու եւ հակակշռելու պաշտօններ եւ համապատասխան լծակներ:
Ըստ Ռուստամեանի ընդհանուր առմամբ կայ մօտեցում Դաշնակցութեան եւ Յովհաննէսեանի առաջարկներուն միջեւ` գտնելու հանգրուանային լուծումներ: Յովհաննէսեանի երկրորդ առաջարկն է իշխանութիւնը լուծել ժողովուրդի հետ, եւ ասիկա Դաշնակցութեան մօտեցումին այլ ձեւակերպումն է` կամաց-կամաց հասնիլ ժողովրդային իշխանութեան հաստատման:
«Հանրահաւաքին ձեր ունեցած ելոյթին ընթացքին հաւաքուած էին մարդիկ, որոնք կ՛ուզէին անմիջական, արագ լուծումներ: Յովհաննէսեանի առաջարկները եւ ձեր առաջարկները ինչպէ՞ս կ՛ընկալուին ժողովուրդին կողմէ», հարցումին Ա. Ռուստամեան պատասխանեց. «Մենք վստահ ենք, որ «ամէն ինչ եւ հիմա» տարբերակը պիտի չյաջողի. ատիկա պիտի տանի յուսալքութեան: Երկրորդը` առճակատման տարբերակն է, որ մեզի համար անընդունելի է: Այս երկուքին միջին տարբերակը ամէնէն երկար պայքար պահանջող տարբերակն է, բայց հաստատուն է եւ արդիւնաւէտ: Պէտք է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ճամբով հանգրուանային ձեւով իշխանութեան վրայ ձեռք դնել:

