Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կրեց Մրցաշարքի Իր Առաջին Պարտութիւնը
Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարի զտումի մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Լոնտոնի մէջ (Անգլիա), 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները այդքան ալ լաւ չանցան հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանին համար, որ կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը` Պորիս Կելֆանտէն (Իսրայէլ):
Արոնեանի կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն 6 կէտով առանձնանայ պարագլուխի դիրքին վրայ: Արոնեան ունի 5,5 կէտ:
Նշենք, որ 9-րդ հանգրուանին Քարլսըն հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վլատիմիր Քրամնիքի հետ:
Իվանչուք յաղթեց Ռաճապովի, մինչ հաւասարութեամբ աւարտեցաւ Սվիտլեր – Կրիսչուք հանդիպումը:
Երէկ հանգիստի օր էր:
Ստորեւ դասաւորումը.
ԿԷՏ
1.- Մակնիւս Քարլսըն 6
2.- Լեւոն Արոնեան 5,5
3.- Վլատիմիր Քրամնիք 5
4.- Պորիս Կելֆանտ 4,5
5.- Ալեքսանտր Կրիսչուք 4,5
6.- Փիթըր Սվիտլեր 4
7.- Վասիլի Իվանչուք 3,5
8.- Թէյմուր Ռաճապով 3

