2014-ի Մոնտիալ. Եւրոպայի Գօտի. Հայաստան 3-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Չեխիայէն

Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի գօտիին Բ. խմբակին, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ հիւրընկալեց Չեխիան:

Նախքան մրցումին սկսիլը, Հայաստան 3 մրցումէ ապահոված էր 3 կէտ, մինչ Չեխիա 4 մրցումէ` 5 կէտ:

Հետեւաբար այս պատկերը նկատի առնելով, մրցակից կազմը այդքան ալ վտանգաւոր կազմ մը չէր թուեր, մանաւանդ նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ անիկա իր դաշտէն դուրս կը կատարէր մրցումը:

Սերժ Սարգսեան` երէկուան մրցումին ներկաներուն շարքին

Սակայն, հակառակ ատոր, հիւր կազմը յաջողեցաւ երեք կէտը խլել Հայաստանէն` 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: Մրցումին երկու կոլերը նշանակեց Վիտրա, 47-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն, իսկ երրորդը` Քոլար (91-րդ):

Այսպիսով, Չեխիա ապահովեց իր 8-րդ կէտը` արձանագրելով իր երկրորդ յաղթանակը` 2 հաւասարութեան եւ պարտութեան մը կողքին:

Իսկ Հայաստան, որ մնաց 3 կէտով, կրեց իր երրորդ պարտութիւնը, իր արձանագրած միակ յաղթանակին կողքին (4 մրցումէ):

Նշենք, որ մրցումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Share this Article
CATEGORIES