Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր լեզուն կուղպ պահեցէք: Եթէ գաղտնիք մը ունիք, ձեզի պահեցէք, որովհետեւ ներկայիս յարմար չէ նման հարցեր արծարծելը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ձեր որոշածը ձեր գործընկերներուն հաւանութեան չարժանանայ, մի՛ մտահոգուիք, հարցը առէք իբրեւ «ամէն չարիքէ բարիք մը կը ծնի» իմաստութեան թելադրանքով:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքը ոսկի է, բայց երբեմն ժամանակ տրամադրեցէք նաեւ հանգստանալու: Յարգեցէք քունի ժամերը եւ այցելեցէք բարեկամի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գնահատելի էք ձեր կարողութեան եւ ձեր գիտութեան համար, այսուհանդերձ գիտցէք, որ երբեմն նկատի չառնուած համեստ անձ մը կրնայ ձեզի ցոյց տալ նոր ճամբայ մը եւ զարմացնել ձեզ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գարնանային պտոյտ մը կազմակերպեցէք բարեկամական շրջանակի մը մէջ: Տօնական օրերը մօտալուտ են, հետեւաբար կրնաք օգտուիլ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հեռու մնացէք շաղակրատ եւ շատախօս անձերէ: Անոնք կրնան փորձել ձեզ համոզել իրենց նպատակը յաջողցնելու, բայց դիւրին պատասխան մի տաք եւ մի քաջալերէք զանոնք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ յոգնած էք, կրնաք մտածել կարճատեւ հանգիստի մասին: Տունը լաւագոյն վայրն է հանգստանալու` հեռու աղմուկէ եւ խօսակցութիւններէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ պահանջ մը ունիք ոեւէ մէկէ, եթէ փոխ գումար մը տուած էք անձի մը եւ մոռցուած, լաւ կ՛ըլլայ, որ յիշեցնէք եւ պահանջէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛ուզէք նորութիւն ստեղծել ընկերային ձեր կապին մէջ: Այսպիսի նպատակներ կը յաջողին երբ սիրալիր վերաբերում ունենաք ձեր գործակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վաղուան մասին մտածելը անիմաստ է: Նախախնամութեան իրաւունքն է ճշդէք ձեր ընելիքը եւ ձեր փափաքները: Զուր տեղ մի մտահոգուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գարնան արեւաշող այս օրերուն կազմակերպեցէք հաճելի շաբաթավերջ մը բարեկամներով: Կարեւոր չէ պտոյտի վայրին հեռաւորութիւնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երեխաներուն դիմաց մի՛ վիճաբանիք ձեր կողակիցին կամ մէկ հարազատին հետ: Մանուկները չեն մոռնար ձեր արտասանած անհաճոյ բառերը: Դաստիարակութեան առաջին դպրոցը տունն է, գիտէք անշուշտ:

Share this Article
CATEGORIES