50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1963)
Քանատայի Հայ Գաղութը
4000 Հայեր Կան Այսօր
Քանատայի Մէջ
Փարիզի «Հայաստան» թերթի սեփական թղթակիցը` Ե. Պէրպէրեան Քանատայէն կը գրէ.-
Քանատայի ներկայ հայ գաղութը 4000-ը կ՛անցնի, որուն 1000-էն աւելին 1962-ի շրջանին եկած են, առաւելաբար` Եգիպտոսէն:
Հայերը հաստատուած են Մոնրէալ, Թորոնթօ, Համիլթըն, Սենթ Քաթրին եւ աւելի քիչ թիւով` միւս քաղաքները:
Քանատայի հայ գաղութը 1954-էն առաջ 4-էն 500-ի մօտ թիւ մը ունէր միայն: 1956-էն սկսան շատնալ` գալով մաս մը Պոլսէն եւ Յունաստանէն: Անոնց թիւը 1956-1958 անցաւ 1000-ը: Անոնք առաւելաբար հաւաքուեցան Մոնրէալ քաղաքը եւ քիչ թիւ մըն ալ գացին Թորոնթօ:
Քանատայի մէջ 1948-ին կազմուած է «Քանատիըն արմենիըն քոնկրես»-ը, որուն վարչութեան անդամներն են Քերովբէ Պտուկեան` Մոնրէալէն, Յակոբ Մուրատեան` Համիլթընէն, Գ. Սերմէրճեան` Թորոնթոյէն:
Մոնրէալ կը կազմէ ամէնէն հոծ հայ գաղութը` ունենալով 2000-է աւելի հայեր, որոնք բախտին բերումով հաւաքուած են իրարու մօտ գտնուող երկու թաղերու մէջ: Համայնքը բաժնուած է երկու մասի. էջմիածնական համայնքը, որ կը ներկայացնէ Մոնրէալի հայութեան մէկ երրորդը` առաւելապէս Պոլսէն եկողներէ եւ եգիպտահայերէ կազմուած: Ունին իրենց սրահը, կիրակնօրեայ դպրոցը: Իսկ կիլիկեան թեմին պատկանողները ունին իրենց եկեղեցին, սրահով մը, որ կը կոչուի Ս. Յակոբ: Եկեղեցին Երուանդ Բաւարմաճեանին մեծ հօր յիշատակին նուիրուած է, եւ որ ատենապետն է գաղութին: Այս եկեղեցիին գնման եւ բարեզարդման համար ծախսուած է 60,000 տոլար:
Եկեղեցիին հոգաբարձութիւնը կը վարէ գաղութի գործերը` ունենալով իբրեւ ատենապետ Ե. Բաստրմաճեանը եւ փոխատենապետ` Քերովբէ Պտուկեանը: Տարեկան պիւտճէն է 7000 տոլար:
Իսկ եկեղեցական գործերով կը զբաղի եկեղեցական հոգաբարձութիւնը:
Ունինք հայ դպրոց` 70 աշակերտներով. կիրակնօրեայ դպրոցը` 20 աշակերտ:
Ներկայիս Մոնրէալի գաղութը հարիւր առ հարիւր հայախօս է եւ շատ կենսունակ:
Մոնրէալի գաղութին մէջ կը գործէ Հայ տիկնանց միութեան` ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ մը, որուն շուրջ համախմբուած են 70-ի մօտ հայ կիներ:
Մոնրէալ ունի իր ՀՄԸՄ-ը` իր ֆութպոլի խումբով մը, որ 1962-ի շրջանին ախոյեանութեան տիրացաւ: Նաեւ սկաուտական բաժին մը` 40 սկաուտներով:

