Զատկուան Յարդարանք. Դիւրին Իրագործելի Յարդարանքներ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ս. Ծնունդին նման Զատիկն ալ շատ սպասուած ու սիրելի տօն է, նաեւ առիթ` տունը զարդարելու ոչ միայն նախշուն հաւկիթներով, այլ նաեւ զատկուան ծառով, զատկուան պսակով, ճուտիկներով, նապաստակներով եւ այլն…
Այսօրուան էջով պիտի ներկայացնենք զատկուան յարդարանքի 8 հետաքրքրական գաղափարներ: Ասոնց իրականացումը յատուկ բացատրութեան չի կարօտիր, քանի որ նկարները բաւական խօսուն են:

ԾԱՂԻԿՆԵՐ.- Զատիկը կը զուգադիպի գարնան եղանակին. հետեւաբար ինչո՞ւ նախշուած հաւկիթները չզարդարենք եղանակի ծաղիկներով (իսկական կամ արհեստական), ինչպէս` մարգարտածաղիկը, նապաստակի ականջը, մանիշակը եւ այլն…

ՄՈՄԱԿԱԼՆԵՐ.- Քիչ անգամ մեր մտքէն անցած է հաւկիթին կեղեւները մոմակալի վերածել եւ կամ` կեդրոնական մոմի մը շուրջ պարպուած հաւկիթներու պսակներ կազմել (զանոնք կլու կանով իրարու փակցնելով):

ՊՆԱԿԻ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ.- Ինչպէս Կաղանդը, Զատիկն ալ կերուխումի առիթ է: Ահաւասիկ դիւրին եւ ներկայանալի ձեւ մը` պնակը եւ անձեռոցիկը զարդարելու համար:

ՊՍԱԿ.- Ինչպէս Կաղանդին, նոյնպէս ալ Զատկին կարելի է տան մուտքի դուռը զարդարել յատուկ պսակով, որուն տիրական զարդերը նախշուած հաւկիթները ըլլան: Անշուշտ սահմանափակումներ չկան, շատեր Զատկուան պսակը կը զարդարեն ծաղիկներով, ճուտիկներով եւ կամ նապաստակով:

ՏՕՆԱԾԱՌ.- Արդէն իսկ շատ ընդհանրացած սովորութիւն է զատկուան տօնածառ յարդարելը: Ընդհանրապէս կ՛օգտագործուին նշենիի ծաղկած ճիւղեր կամ սովորական մերկ ճիւղեր, ուրկէ կը կախուին նախշուած հաւկիթներ եւ ըստ ճաշակի` ծաղիկներ, ճուտիկներ եւ այլն…

ՋԱՀԸ.- Նոյնիսկ տան ջահը կրնայ զատկուան, տօնական տեսքով ներկայանալ: Թելադրելի է օգտագործել արհեստական կանաչութիւն, բայց նաեւ զգուշանալ, որ լամբերէն հեռու ըլլան եւ հրդեհի դուռ չբանան:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ինչպէ՞ս Ներկել
Զատկուան Հաւկիթները
Աւանդաբար ընդունուած է զատկուան հաւկիթը ներկել կարմիր գոյնով, կարմիրը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը: Մեր օրերուն զատկուան հաւկիթները կը ներկուին տարբեր գոյներով, մինչեւ իսկ կը զարդարուին ժապաւէններով, ծաղիկներով ու փետուրներով:
Զատկուան հաւկիթները ներկելու համար պէտք է ընտրել չվնասուած եւ մաքուր կեղեւով տեսակները. կարմիր ներկելու համար եկէ՛ք այս տարի փորձեցէք կարմիր սոխի կեղեւը: Հաւաքեցէ՛ք մեծ քանակութեամբ կարմիր սոխի կեղեւ: Որքան շատ ըլլայ կեղեւին քանակը, այնքան մութ կ՛ըլլայ հաւկիթին գոյնը:
Նախքան հաւկիթները խաշելը եռացած ջուրի մէջ պէտք է եփել կեղեւը, առնուազն կէս ժամ, ապա ձգել որ եփուկը պաղի:
Ճերմակ գոյնի հաւկիթները լուալ, եթէ մաքուր չեն, ապա մէկ ժամ ձգել աղաջուրի մէջ, որպէսզի եփելու ատեն չճաթին:
Մէկ ժամ ետք հաւկիթները աղաջուրէն հանել եւ զգուշութեամբ դնել սոխի կեղեւի եփուկին մէջ եւ խաշել: Որպէսզի խաշած եւ գունաւորուած հաւկիթները գեղեցիկ տեսք ունենան ու փայլին, զանոնք լաւ չորցնել եւ ապա ձէթով շփել:
Եթէ մտադիր էք զատկուան հաւկիթները գունաւոր ներկել, նախընտրելի է օգտագործել բնական ներկանիւթեր, որոնք հարիւր տոկոսով անվնաս են թէ՛ երեխաներուն, եւ թէ չափահասներուն համար:
- ԴԵՂԻՆ գոյն կարելի է ստանալ սաֆրանի եփուկ օգտագործելով:
- ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ հաւկիթներ ունենալու համար` օգտագործել թարմ ճակնդեղի հիւթը:
- ԿԱՆԱՉ գոյն կարելի է ստանալ շոմինի կամ ազատքեղի եփուկ օգտագործելով:
- ԿԱՊՈՅՏ գոյն ստանալու համար, կէս լիթր ջուրի մէջ 5-6 դգալ քացախ եւ մանրուած կարմիր կաղամբ աւելցուցէք եւ ձգեցէք ամբողջ գիշեր մը:
- ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ հաւկիթներ ունենալու համար, ամբողջ գիշեր մը մանիշակի ծաղիկները թրջել կէս լիթր ջուրի մէջ:
- ՇԱԳԱՆԱԿԱԳՈՅՆ հաւկիթներ ստանալու համար օգտագործել հեղուկ սուրճը:
Զատկուան Խոհանոց
Քանի մը օրէն Մեծ Պահքը կ՛աւարտի եւ կը դիմաւորենք այնքան սպասուած Զատիկը:
Հայկական աւանդութեան համաձայն, Զատկուան սեղանէն պէտք է անպակաս ըլլան խաշած հաւկիթը, ձուկը, չամիչով փիլաւը, թանապուրը, ձուածեղով փիլաւը, տապկուած բանջարը, չէօրէկը եւ այլն…
Այսօրուան էջով պիտի ներկայացնենք չամիչով փիլաւին պատրաստութիւնը: Հաւանաբար քիչեր ծանօթ են այս աւանդական կերակրատեսակին. կ՛արժէ զայն փորձել եւ աւելցնել մեր ճաշացուցակին:
Չամիչով Փիլաւ
– 4 թէյի գաւաթ բրինձ
– 400 կր. առանց կուտի չամիչ
– 50 կր. չոր ծիրան
– 50 կր. չոր սալոր
– Լաւաշ հաց
– 4 ապուրի դգալ կարագ, իւղ, ձէթ…
– Աղ
Պատրաստութիւն
Բրինձը լուալ եւ ամբողջ գիշեր մը աղաջուրի մէջ թրջել: Չոր մրգեղէնները գաղջ ջուրով լուալ եւ ցամքեցնել:
Կաթսային մէջ 2 դգալ կարագ հալեցնել եւ չոր մրգեղէնները մէջը դարձնել, ապա զանոնք ամանի մը մէջ փոխադրել:
Կաթսային յատակը ծածկել լաւաշ հացի կտորով մը, աւելցնել քամոցէ անցած բրինձին կէսը, վրան աւելցնել կարագին մէջ դարձած չոր մրգեղէններուն կէսը եւ կրկին ծածկել մնացեալ բրինձով: Վերջաւորութեան աւելցնել մրգեղէններուն մնացեալ բաժինը, 2 դգալ կարագը եւ կտրտուած լաւաշի քանի մը կտոր: Բոլորին վրայ աւելցնել եռացած ջուր եւ կափարիչը փակելէ ետք թեթեւ կրակի վրայ եփել:
Հրամցնելու ատեն ներկայանալի ամանի մը վրայ շրջել փիլաւը, որպէսզի յատակի կարմրած լաւաշը երեսը յայտնուի:
Բարի՛ ախորժակ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Գարնանամուտ
Մանուշակներ ոտքերիս ու շուշաններ ձեռքերիս,
Ու վարդերը այտերիս, ու գարունը կրծքիս տակ,
Ու երկինքը հոգուս մէջ, ու արեւը աչքերիս,
Ու աղբիւրները լեզուիս` սարից իջայ ես քաղաք,-
Ու քայլեցի խայտալով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու շուշաններ ձիւնաթոյր,
Ու մարդիկ ինձ տեսնելով` իրենց յոգնած աչքերին
Տեսան ուրիշ մի աշխարհ, գարուն տեսան նորաբոյր,
– Ի՜նչ թարմութիւն,- ասացին,- ի՜նչ թարմութիւն,- ու բացին
Լուսամուտներն իմ առջեւ, ու ես իմ սիրտը բացել`
Անցնում էի երգելով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու յասմիկներ հոգեթով,
Կարծես մի ողջ բնութիւն մի պատանի էր դարձել,
Քաղաք իջել լեռներից` կ՛անցնէր զմրուխտ հեքիաթով
Երկրէ-երկիր շաղ տալով կակաչներն իր ձեռքերի,
Մեր երգերի լուսաբացն ու գարունը լեռների:Յ. ՇԻՐԱԶ


