Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ Տարելիցը
Նշող
Յանձնախումբերու Աշխատանքները

Թեհրան

Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդը նշանակեց յանձնախումբ մը, որ արդէն սկսաւ աշխատանքի: Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Թալին Բանդարի բացատրեց, որ մէկ ամիսէ նշանակուած է յանձնախումբը եւ արդէն իսկ Իրանի պետական շրջանակներուն նամակներ յղած են  ապրիլ 24-ի քայլարշաւին, նաեւ` Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյցի կապակցութեամբ: Ան նաեւ յայտնեց, թէ 7 մարտին Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ հանդիպում ունեցած են Թեհրանի հայկական միութիւններուն հետ, որպէսզի քաղաքամասերուն մէջ ունենան միասնական ծրագիրներ:

Նոր Ջուղա

Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցի ոգեկոչման ծրագիրներու կազմակերպման համար Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ նշանակուեցաւ  Նոր Ջուղայի յանձնախումբը, որ իր անդրանիկ նիստը գումարեց 16 մարտին:

Յանձնախումբը իր նախատեսած ծրագիրները պիտի հրապարակէ հաղորդագրութիւններով:

Սպահանի Պետական Համալսարանի
Հայոց
Լեզուի Եւ Գրականութեան
Ամպիոնի
Հիմնադրութեան 50-ամեակ

Կազմակերպութեամբ Սպահանի պետական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի եւ համագործակցութեամբ նոյն համալսարանի տնօրէնութեան ու Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի, 27 փետրուարին համալսարանի օտար լեզուներու բաժանմունքի «Էմամ Խոմէյնի» սրահին մէջ նշուեցաւ Սպահանի պետական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի հիմնադրման 50-ամեակը:

Օրուան հանդիսավարն էր ամպիոնի շրջանաւարտ եւ ուսուցիչ Անահիտ Կիրակոսեան:

Ելոյթ ունեցաւ օտար լեզուներու բաժանմունքէն  դոկտ. Կաշմարտի, որ յոյս յայտնեց, թէ այս յոբելենական ձեռնարկը Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին եւ Սպահանի պետական համալսարանին միջեւ առկայ համագործակցութիւններու առաւել զարգացման սկիզբ կը հանդիսանայ` հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի աշխատանքներու աշխուժացման նպատակով: Այնուհետեւ համալսարանի փոխտնօրէն դոկտ. Պիտհենտի յոյս յայտնեց, որ օտար լեզուներու բաժանմունքի պատասխանատուները հայոց լեզուի եւ գրականութեան ճիւղի հիմնադրմամբ,  նպաստեն սոյն ճիւղի առաւել զարգացման:

Թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան անդրադարձաւ ազգի ինքնութեան կազմաւորման եւ պահպանման գործին մէջ  լեզուին վճռորոշ դերակատարութեան` աւելցնելով, որ հայ գիրերու գիւտով հայ ժողովուրդի ինքնութեան կազմաւորման ընթացքը աւելի բիւրեղացաւ ու արմատացաւ: Ան հաստատեց, որ հաւատք-լեզու փոխյարաբերութիւնը տարբեր մօտեցումներով ու շեշտադրումներով բոլոր կրօններու մօտ կարեւոր երեւոյթ  մըն է:

Այնուհետեւ դասախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, որ խօսելով «Հայերէնի եւ պարսկերէնի փոխադարձ ազդեցութիւնները» նիւթին շուրջ` անդրադարձաւ երկու լեզուներուն միջեւ առկայ բառային, լեզուամտածողութեան եւ արտայայտման ձեւերու ընդհանրութիւններուն` օրինակներ բերելով հայերէն եւ պարսկերէն հին գրականութիւններէն:

Իսլամական խորհրդարանի երեսփոխան Ռոպերթ Բեգլարեան շեշտը դրաւ մշակոյթի,  հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ լեզուի դերակատարութեան վրայ:

Դասախօսութիւններով ելոյթ ունեցան նաեւ ամպիոնի դասախօս Հրայր Շահնազարեան` «Ամպիոնի պատմութիւնը» նիւթով, ամպիոնի դասախօս դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեան` «Հայ գրականութեան շրջափուլերու համառօտ բնութագրութիւնը» նիւթով,  ԻԻՀ Ազատ համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչ դոկտ. Անդրանիկ Սիմոնեան` «Հայագիտական ամպիոններու դերը հայ-իրանական ընդհանրութիւններու հետազօտման գործին մէջ» նիւթով եւ ամպիոնի հիւր-դասախօս Իսա Ալիրեզայի` «Հայոց լեզուի սերտման անհրաժեշտութիւնը` պարսկալեզուներու համար» նիւթով:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ  յուշանուէրներու եւ պատուոյ գիրերու յանձնում:

 

Վրաստան

Աննա Պօղոսովայի Մենահամերգը

 

 

 

 

 

 

 

10 մարտին «Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ երգի շնորհալի կատարող, տարբեր մրցոյթներու եւ փառատօներու մասնակից Աննա Պօղոսովայի մենահամերգը` նուիրուած Կիներու միջազգային օրուան:

Յայտագիրը կը բովանդակէր հայկական, վրացական եւ այլ երգեր:  Տուտուկով ընկերակցեցաւ Վանօ Մկրտիչեան, իսկ դաշնակով` Պաւել Օկանեզով:

Վրաստանի Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ,
Պատուոյ
Շքանշանակիր Մ. Գրիգորեանին
Նուիրուած
Ստեղծագործական Երեկոյ

Նախաձեռնութեամբ Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան, 16 մարտին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, պատուոյ շքանշանի ասպետ Միքայէլ Գրիգորեանի 70-ամեակին նուիրուած երեկոյ եւ անոր գեղանկարչական աշխատանքներու առաջին անհատական ցուցահանդէսը:

Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան նախագահ Ռուբէն Թորոսեան ներկայացուց արուեստագէտին ստեղծագործական ուղին` յիշատակելով Թիֆլիսի Պ. Ադամեանի անուան թատրոնին մէջ իբրեւ գլխաւոր բեմադրիչ աշխատած տարիներուն:

Վրաստանի մշակոյթի փոխնախարար Մարինա Միզանտարի Գրիգորեանին թատերական գործունէութիւնը անուանեց անգնահատելի ներդրում վրացական մշակոյթի զարգացման գործին մէջ եւ փոխանցեց Վրաստանի մշակոյթի նախարար Կուրամ Օտիշարիայի ողջոյնը եւ բարեմաղթանքները:

Բոլոր ելոյթ ունեցողները, արժեւորելով Միքայէլ Գրիգորեանին ստեղծագործական բազմակողմանի շնորհները, անդրադարձան անոր ստեղծագործութիւններուն` մօտ 300-է աւելի իւղաներկ եւ ջրաներկ կտաւներ եւ երեք լեզուներով գրուած հիանալի բանաստեղծութիւնները:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան գնահատանքի իր խօսքին մէջ յորդորեց անոր` ըլլալ հասարակութեան մէջ, նուիրուիլ սերունդներ կրթելու, իր գիտելիքները եւ փորձը հաղորդելու, Վրաստանի հայ մշակութային կեանքը զարգացնելու եւ խորացնելու գործին:

Աւարտին երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ Մ. Գրիգորեան:

 

Եգիպտոս

«Սումկայիթ. Սովորական Ցեղասպանութիւն»-ը
Արաբերէնով

«Սումկայիթ. սովորական ցեղասպանութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի արաբերէն տարբերակը ցուցադրուեցաւ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ:

Նախքան ժապաւէնի ցուցադրութիւնը  ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ ընդգծեց Սումկայիթի ոճրագործութեան` ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ նախապէս ծրագրուած ըլլալը: Ան նշեց, որ Սումկայիթի, ինչպէս նաեւ Պաքուի, Գանձակի, Մարաղայի եւ այլ շրջաններու մէջ պատահած հայերու ջարդերու պատասխանատուութենէն խուսափելու նպատակով Պաքու կը փորձէ մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը` սուտ քարոզչութիւն տարածելով  Խոջալուի դէպքերուն մասին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Դասախօսական Երեկոյ`
Պոլսահայ
Միութեան Մէջ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

8 փետրուարին վերակազմուած Պոլսահայ միութեան Մխիթարեան սանուց յանձնախումբը կազմակերպեց դասախօսական ձեռնարկ մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մխիթարեան վարժարանի սանուց յանձնախումբի ատենապետ Էտի Սարաֆօղլու:

Օրուան  բանախօսն էր «Մաշտոց» քոլեճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ մէկ ու կէս ժամուան տեւողութեամբ եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը եւ Կիլիկիան` իրենց եկեղեցիներով եւ պատմական կառոյցներով:

Փարթամեանի «Հայը Ամերիկայի Մէջ»
Հատորին
Ներկայացումը

Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, 1 մարտին Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ստեփան Փարթամեանի «Հայը Ամերիկայի մէջ» գիրքին ներկայացումը:

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր դոկտ. Մարալ Երանոսեան: Իր տպաւորութիւններով հանդէս եկաւ Հրաչ Սեփեթճեան, իսկ գիրքը ներկայացուց դոկտ. Մինաս Գոճայեան:

Այնուհետեւ Ստեփան Փարթամեան անդրադարձաւ իր վաւերագրած հայերէն բոլոր արձանագրութիւններուն` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի տարածքին:

Աւարտին, իբրեւ երկար տարիներու բարեկամ,  դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, ապա ելոյթ ունեցաւ  առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան, որ փոխանցեց սրբազան հօր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը:

Ձեռնարկի եզրափակիչ բաժնով տեղի ունեցաւ գինեձօն:

Առաջնորդ Սրբազանը Մանաս Պուճիքեանին Յանձնեց
Հայրապետական
Սրբատառ Կոնդակը

Մարտ 7-ին թեմի առաջնորդ  Մուշեղ արք.  Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց բարերար եւ Հայ դատի բարեկամ   Մանաս Պուճիքեանի  այցելութիւնը`  ընկերակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի  տնօրէն Աբօ Պօղիկեանի: Առաջնորդ սրբազանը    բարերարին յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով  վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով կը  պատուէր Մ. Պուճիքեանը:

Բարերարը  այս շքանշանին արժանացած էր 2012-ի  մայիսին: Հայ դատի եւ «Ասպարէզ»-ի  կողմէ կազմակերպուած հիւրընկալութեան մը  պահուն, առաջնորդ սրբազանը յանուն  վեհափառ  հայրապետին, «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով  պարգեւատրած էր Մանաս  Պուճիքեանը: Սրբազանը բարձր գնահատեց նուիրեալ հայորդիին բազմամեայ ծառայութիւններն ու նուիրաբերումը`  միաժամանակ օրհնելով անոր վաստակը, որմէ  առատաձեռն նուիրատուութիւններ կատարուած են Հայ դատին եւ ազգային  հաստատութիւններուն: Առաջնորդ սրբազանը  մասնաւորաբար կանգ առաւ  բարերարին  համեստութեան ու լուսարձակներէ հեռու գործած ըլլալու հանգամանքին առջեւ` նշելով,  որ այս ընթացքով, ան վարուած է  իբրեւ իսկական  ու  հաւատարիմ հայ  քրիստոնեայ:

Էլիզ Գազանճեանին Յօդուածը Կ՛արժանանայ
«
Փեն» Մրցանակի Պատուոյ Յիշատակութեան

Էլիզ Գազանճեանի «Տի օյլ սթիք մեն» յօդուածը «Փեն» հիմնարկին կազմակերպած համաամերիկեան յօդուածագրութեան մրցանակի մը ընթացքին արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան:

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն լրագրութեան մէջ մասնագիտացած Է. Գազանճեան աշխատակցած է շարք մը հեղինակաւոր թերթերու:

Գազանճեան անցեալ տարի նոյն մրցանքին մէջ խլած էր երկրորդ դիրքը:

Հեղինակը իր այդ յօդուածը կարդաց 24 մարտին, Սան Ֆրանսիսքոյի գլխաւոր գրադարանի «Քորեթ» սրահին մէջ:

«Լարք»-ի Աստղիկներու Փայլքը Եւ
«
Հայի Աղօթքը» Համերգ

Կազմակերպութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին, վերջերս «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լարք» երաժշտանոցի ուսանող-ուսանողուհիներու «Հայի աղօթքը» հանդիսութիւնը:

Բացման խօսքը արտասանեց «Լարք» երաժշտանոցի փոխտնօրէնուհի Թագուհի Կրպոյեան-Արզումանեան:

Ապա «Լարք» երաժշտանոցի 13 մանուկները մեկնաբանեցին Գէորգ Էմինի «Մենք» եւ «Կիսատ մնացած աղօթքը» բանաստեղծութիւնները:

Այնուհետեւ «Լարք» երաժշտանոցի 14 ուսանող-ուսանողուհիներ դաշնամուրի, ջութակի եւ թաւջութակի հիանալի կատարողութեամբ  մեկնաբանեցին հայ երաժիշտներու եւ արեւմտեան դասական ստեղծագործութիւններէ կտորներ:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Ղեւոնդ քհնյ. Քարազեանի բարեմաղթութիւններով եւ օրհնութիւններով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES