Գարունը Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ
Ծրագրուած էր 21 մարտ 2013-ին` «Գարունը» հրաւիրել դպրոց: Կանուխ առաւօտուն հասած էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նուիրած ծաղիկներու հարիւրաւոր թաղարները, որոնցմով կարելի եղած էր բակին մէկ անկիւնը վերածել գեղեցիկ ծաղկանոցի մը, որուն մէջ կը փայլէին աշակերտներուն պատրաստած ձեռային աշխատանքները: Ծաղկանոցը եզերուած էր աշակերտներու նկարչական աշխատանքներով, իսկ պատերուն վրայ զետեղուած էին խմբակային աշխատանքներով իրագործուած գարնանային որմնանկարները:
Ազատութիւն տրուած էր աշակերտութեան այդ օր ներկայանալու դպրոց` առանց համազգեստի, իրենց նախասիրած հանգստաւէտ հագուստներով, տարբեր դիմագիծ, տրամադրութիւն ստեղծելու համար յատուկ այդ օրուան:
Յաջորդական չորս պահերու դասաւանդութենէն ետք, աշակերտները բարձրացան սրահ: Գեղանի Էթիեմեզեան` վարժարանի տնօրէնուհին, անդրադառնալով գարնան խորհուրդին` յայտնեց, որ բնութիւնը իր ամէնէն աշխուժ հանգրուանին կ՛անցնի գարնան հետ: Ծառ ու ծաղիկ կը ծլին, միջատները, թռչունները ի յայտ կու գան, մարդիկ ազատօրէն կը շարժին ձմրան կարճ եւ մութ օրերէն ետք: Նմանցնելով աշակերտներուն աշխատանքը մեղուներուն` ան յայտնեց, որ մեղուները աննպատակ չեն թափառիր ծաղիկ-ծաղիկ, այլ նեկտարը կ՛ամբարեն վերածելու համար զայն մեղրի: Աշակերտներն ալ աշխատասիրութեան, բարեկրթութեան մթնոլորտին մէջ կ՛ամբարեն առողջ մտքի, հոգիի, մարմնի անհրաժեշտ աւիշը` իրենց դպրոցական օրերուն: Ապա ան հրաւիրեց օրուան դատական կազմը` Շողիկ Ապատին, Մարալ Լատոյեանը, Իրմա Տէտէեանը, Մարալ Նոխուտեանն ու Յակոբ Տեմիրճեանը` յաջորդական մրցումներուն գնահատանքները կատարելու համար:
Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի ուսուցչուհիներէն Մարինէ Կիւլիւմեան, որ սկսաւ արտասանութեան մրցումով, որուն պարտադիր կտորը տարրականի դասարաններուն «Թռչունի մը մտածում»-ն էր, իսկ նախակրթարանինը` Սողոմոն Տարօնցիի «Տուղրիլ եւ Թաթուլ»-ը: Տարրականի դասարաններուն առաջինը հանդիսացաւ Նանօր Գոճայեան, երկրորդ` Անժելինա Քեքլիքեան, երրորդ` Հրակ Մկրտիչեան, իսկ նախակրթարանի առաջինը հանդիսացաւ Պարոյր Տօնիկեան (Զ.), երկրորդ` Շերիլին Տիրացուեան (Դ.), իսկ երրորդ` Բալիկ Թեքելեան (Դ.):
Միջդասարանային մրցումներուն ներկայ գտնուեցաւ Մարալ Անթոյեանը` Ուսումնական խորհուրդի գործավարուհին, ինչպէս նաեւ` ծնողներ, որոնց նոյնպէս հրաւէր յղուած էր:
Միջդասարանային երգի մրցումէն առաջ մանկապարտէզի աշակերտները երգեցին գարնան նուիրուած իրենց խմբերգները, ապա ներկայացուցին երկու պար:
Երգի մրցումը յայտնաբերեց շարք մը նոր շնորհալի աշակերտներ: Տարրականէն երրորդ հանդիսացան Պօղոս Գէորգն ու Սագօ Աբգարեանը, երկրորդ` Անժելինա Քեքլիքեանն ու Նանօր Գոճայեան, իսկ առաջին` Մեղրի Գանթարճեանն ու Հերմիկ Աբրահամեանը: Նախակրթարանէն Քրիսթինա Մկրտիչեանն ու Արմիկ Աբրահամեանը հանդիսացան երրորդ, Փաթրիք Պարատղին` երկրորդ («Ապրիլ, կրկին ապրիլ» երգով), իսկ Ժորժեթ Թեփերճեան առաջին` «Հինգալան» երգով:
Ծնողական խորհուրդին պատրաստուած ճաշը համտեսելէ ետք, աշակերտները դարձեալ բարձրացան սրահ, միջդասարանային ընդհանուր զարգացման մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերելու: Համադրող խօսնակները մեծ ճարտարութեամբ յաջողեցան ճշգրիտ պատասխաններ տալ իւրաքանչիւր դասարանի վերապահուած հարցումներուն, հանելուկներուն` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով սրահին մէջ:
Վերջին պահը Զ. եւ Ե. կարգերու միջեւ պասքեթպոլի մրցումն էր, որուն մասնակցեցան նաեւ ուսուցիչներ: Զ. կարգի յաղթանակով վերջ գտաւ «Գարնան ուրախ օր»-ը դպրոցին մէջ, ճշդելէ ետք մրցանակները դասարանային պատի թերթերուն:
«Մանուկի օր»-ը, «Գարուն»-ը դպրոցին մէջ ծաղիկներու հետ` նորափթիթ շնորհներու ծաղկումն ալ աւետեց այդ օր:

