Ուսուցչաց Տօն Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանին Մէջ
Մարտին կը տօնենք կանանց միջազգային տօնը եւ ուսուցչաց տօնը:
Իւրաքանչիւր անձի պատմութեան մէջ, անոր կազմաւորման, ուսուցման, դաստիարակման ու զարգացման մէջ մեծ դեր ունի դպրոցն ու ուսուցիչը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, հայ ուսուցիչը իր դերն ու պարտականութիւնը կատարած է անսակարկ նուիրումով եւ ծառայութեամբ: Գիտակցելով, թէ հայը կանգուն պահողը` հայ դպրոցը, գիրն ու գրականութիւնը եւ հարուստ մշակոյթն ու հաւատքն է:
Հինգշաբթի, 7 մարտ 2013-ին Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանի աշակերտները գեղեցիկ հանդիսութեամբ մը պատուեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց յարգարժան ուսուցիչներուն:
Օրուան գեղարուեստական յայտագրի բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, իսկ բացման խօսքով հանդէս եկաւ նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտուհի Բալիկ Մարսէլեան:
Գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով` երեք լեզուներով մատուցուած երգերով ու արտասանութիւններով, հանդէս եկան դպրոցի աշակերտները` իրենց սէրը, յարգանքն ու երախտագիտութիւնները արտայայտելով իրենց ուսուցիչներուն:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը մանկավարժ եւ հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի` Լուսին Թապաքեանը:
Լ. Թապաքեան ողջունելով ներկաները խոր յուզումով արտայայտեց իր սրտի խօսքը աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Շատ սիրելի աշակերտներ, այսօր ուսուցիչներու համար, հպարտութեան եւ ցնծալի օր է: Ուսուցիչը կը մոռնայ իր դժուարութիւնները, որովհետեւ հայ մանուկին կը նուիրուի: Դուք էք անոնց աշխատանքի պտուղները»:
Ան բարձր գնահատեց ուսուցչական ասպարէզն ու հայ դպրոցի դերը:
«Հայ ուսուցչի մը դերը աւելի դժուար է ու ծանր, որովհետեւ կը կերտէ հայ մանուկը», ըսաւ ան:
Ապա ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ ունենալու համար հզօր ժողովուրդ եւ հայրենիք` պէտք է պահել մայրենի լեզուն, լաւ իմանալ հայոց պատմութիւնը եւ հաւատքով կապուած ըլլալ` Առաքելական եկեղեցիին:
Բալիկ Մարսէլեան հիանալիօրէն ասմունքեց Պ. Սեւակի «Մօր ձեռքերը», իսկ արաբերէնով մաղթանքներ կատարեց Սելին Ածիլածեանին:
Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան, որ ողջունեց բոլոր ներկաները` յայտնելով, թէ անոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին ուսուցիչներու տօնը առաւել իմաստաւորելով օրը:
Ան աշակերտներուն ըսաւ, թէ իրենք բախտաւոր են, որ տակաւին կը յաճախեն հայ վարժարան, ունին դաստիարակ ուսուցիչներ եւ անոնց հոգատարութեան կ՛արժանանան` կոչ ուղղելով անոնց այս բոլորը արժեւորելու, գիտակցելով հայ դպրոցին եւ ուսուցիչին կարեւորութեան:
Ան իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով. «Ուսուցիչը իր անձը կը զոհէ յանուն աշակերտի դաստիարակման: Դուք պէտք ունիք ձեր ուսուցիչներու քնքուշ, դաստիարակող եւ ուսուցանող հոգիին…»:
Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները արաբերէն եւ հայերէն գեղեցիկ խմբերգով մը «Իմ երկիր Հայաստան» սրահը խանդավառեցին, բոլորը ծափողջոյններով գնահատեցին անոնց բարձր կատարումը, որը արդիւնքն էր ուսուցչուհի Զարմինէ Ասմինեանի բծախնդիր աշխատանքին:
Քահանայ հայրը աղօթքով` «Պահպանիչ»-ով փակեց ուսուցիչներու օրուան նուիրուած յայտագիրը:
***
Աշակերտական հանդիսութենէն եւ անոնց տուն մեկնումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` նախաձեռնութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին:
Վարժարանի բարերար Մակի Գանըգուրեան այս տարի եւս, իր սովորութեան համաձայն, ստանձնած էր հիւրասիրութեան ծախսերը: Մտերմիկ հաւաքին ընթացքին ան բարձր գնահատեց հայ ուսուցիչը` իբրեւ ապագայ կերտող դաստիարակ:
Այս առիթով խօսք առին նաեւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանայ Ղեւոնդ Լոշխաճեան եւ վարժարանի տնօրէն Յ. Կէրկէրեան, որոնք անդրադարձան հայ վարժարանի առաքելութեան ու անոր գոյատեւման կարեւորութեան` դրուատելով անոր ծառայութեան լծուած անձնակազմն ու ուսուցիչները, նաեւ հայ դպրոցին հաւատացող եւ անոր կողքին կանգնողները:

