Տոհմիկ Օր` Ս. Խանամիրեան Ազգային Վարժարանին Մէջ
22 մարտը անսովոր եւ անմոռանալի օր մըն էր Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին մէջ:
Պատմական Հայաստանի գաւառներուն բուրմունքը կը տարածուէր Խանամիրեան ազգային քոլեճի յարկի տակ` հայկական շունչն ու ոգին վերակենդանացնելով աշակերտներուն մէջ:
Անսովոր եռուզեռ մը կը տիրէր. ծնողներ, ուսուցիչներ միասնաբար եւ խանդավառութեամբ կը պատրաստէին աւանդական համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ` տօնական իսկական տրամադրութեամբ:
Մարտ 22-ի առաւօտեան աշակերտները սովորականէն կանուխ ժամանած էին դպրոց եւ անոնք ոչինչ կը խնայէին լաւագոյնս կազմակերպելու ձեռնարկը, զարդարելու դպրոցին շրջափակը` եռագոյն դրօշներով ու վրաններով, որպէսզի պատրաստ ըլլային հայկական հարսանիքի: Քիչ քիչ վարժարան ժամանեցին ծնողները, հրաւիրեալները, որոնց ողջունեցին հայկական տոհմիկ տարազներ կրող հարսնեւոր աշակերտութեան: Հասան նաեւ հարսն ու փեսան` տհոլ ու զուռնայ նուագողներու ընկերակցութեամբ:
Հայկական այս խանդավառ մթնոլորտը ճոխացուցին Մարաշի, Սասունի եւ Մուսա լերան շուրջպարները:
Ճաշի դադարին աշակերտներուն հրամցուեցան տարբեր տեսակի ճաշերը: Անկէ ետք հնչեց երգը, ու բոլորը պար բռնեցին:
Օրուան յայտագիրը ճոխացուց վարժարանի երգի ուսուցիչ Սեւան Կարապետեանը, որ հայկական տարազով յաւելեալ հարազատութիւն դրոշմած էր:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ դպրոցական կեանքին ընդմէջէն այս աւանդութիւններու փոխանցումը իրենց հիմնական դերակատարութիւնը պիտի ունենան` աշակերտները հայկականութեամբ եւ ազգային սովորութիւններով լիցքաւորելու առումով: Նաեւ այդպիսով անոնք պիտի չմոռնան իրենց փոխանցուածը եւ պիտի շարունակեն պահպանել զանոնք: Ն. Վէքիլեան հաստատեց, որ հայկական դպրոցին մէջ միշտ պէտք է այդ մթնոլորտը տիրէ, նաեւ հայկական տուներուն մէջ մանուկները մեծնան ու կազմաւորուին հայկականութեամբ, որպէսզի հայութեան լինելիութիւնն ու գոյատեւումը երաշխաւորուի: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այդ օրուան յաջողութեան:

