Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Զատկուան Տօնավաճառը
Ղափաման համտեսելու եւ ղափամայի պարը դիտելու առիթ մը եղաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին Զատկուան տօնավաճառը, որ տեղի ունեցաւ 21 եւ 22 մարտ 2013-ին, քոլեճին հանդիսասրահին մէջ:
Բարի սովորութեան համաձայն, քոլեճին ծնողները իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին տօնավաճառին յաջողութեան, իւրաքանչիւրը Զատկուան խմորեղէն մը կամ Պահքի ուտելիք մը պատրաստելով եւ վաճառքի համար տիկնանց յանձնախումբին տրամադրութեան տակ դնելով: Ցուցադրութիւն-վաճառքի դրուած այս տարուան ուտելիքներուն առատութիւնը եւ ճոխութիւնը չվրիպեցաւ բոլորին ուշադրութենէն: Նորութիւններու շարքին էին հալէպահայ ծնողներու ճարտար մատներով պատրաստուած տեսակաւոր ուտելիքները եւ հայկական աւանդական խոհանոցին յատկացուած բաժինը` ղափամայով, քաթայով, չոր մրգեղէնով եւ համեղ անուշեղէններով յատուկ:
Տօնավաճառը ունէր իր գրքոյկը, որ կը ներկայացնէր հայկական Զատկուան կապուած լայն տեղեկութիւններ, հին օրերու տօնակատարութեան ձեւեր եւ Զատկուան խոհանոցին իւրայատկութիւններ: Գրքոյկը բաժնուեցաւ տօնավաճառի այցելուներուն:
Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 21 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, գեղարուեստական յատուկ յայտագիրով: Քոլեճին երգչախումբը ներկայացուց վեց երգ («Զմպիկ-զմպիկ», «Գարուն», «Դեղձենի», «Կենաց երգ», «Գարնան տօն», «Արեւ-անձրեւ»), իսկ պարախումբը պարեց «Ղափամա»-ի պարը եւ ամերիկեան քաուպոյներու պար մը:
Ապա քոլեճին տնօրէնը` Վիգէն Աւագեան կարճ խօսքով մը շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառին յաջողութեան նպաստած բոլոր ծնողներուն, բարեկամներուն եւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին: Ան հրաւիրեց «Փոլօ» ճամբորդական ընկերութեան տէր եւ տնօրէն Փօլ Տեմիրճեանը` մասնակցելու քոլեճի տարեկան վիճակահանութեան բախտաւորի ընտրութեան: Վիճակաձգութեան իբրեւ արդիւնք, բախտաւորը շահեցաւ Լիբանան-Հայաստան օդանաւային երթ ու դարձի տոմս մը:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին, տօնավաճառին այցելուները շրջեցան ցուցադրութիւն-վաճառքի դրուած ուտելիքներու սեղաններուն շուրջ եւ իրենց գնումներով հարստացուցին իրենց տօնական սեղանները:

