ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇԱՄԻՆ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Շամի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու գործավար նախարար Ալի Շամին, որուն հետ քննարկեց օտար երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը այլ հարցեր:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ Արեւելեան Թիմուրի արտաքին գործոց նախարարը, որ նախագահ Սլէյմանին յայտնեց, որ Արեւելեան Թիմուր կը փափաքի յառաջիկայ նոյեմբերէն սկսեալ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իր խորհրդանշական մասնակցութիւնը բերել` Փորթուգալի զօրամասին մաս կազմելով:

Ան մաղթեց նաեւ, որ Լիբանանի եւ Արեւելեան Թիմուրի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին, յատկապէս զբօսաշրջական, ներդրումներու եւ ենթակառոյցի մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումով:

 

Share this Article
CATEGORIES