ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՍՊԱՆԴՈՎ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԿԱՐՕՏՈՎ ՏԱՌԱՊՈՂ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒՆ 10 ԶՈՀ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 110 ՎԻՐԱՒՈՐ

«Հայրենիք վերադարձ»ի ճամբուն վրայ

Պաղեստինեան աղէտին 63-ամեակին առիթով` հարաւային Լիբանանի Մարուն Ռաս սահմանամերձ գիւղաքաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ բողոքի մեծ ցոյց մը, որ սակայն աւարտեցաւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ պաղեստինցի ցուցարարներու սպանութեամբ:

Մարուն Ռասի մէջ բողոքի ցոյցին մասնակցող երիտասարդներ, որոնք Պաղեստինէն քանի մը մեթր հեռու կանգնելով կը քարկոծէին թշնամի Իսրայէլի սահմանապահ զօրքերը, ուղղակի թիրախ դարձան վերջիններուս արձակած կրակոցին, որուն պատճառով ինկան 10 զոհեր եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 112 ուրիշներ, որոնց շարքին կը գտնուին ծանր վիրաւորներ:

Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ դրած է սահմանամերձ շրջաններուն վրայ ապահովութիւնը պահպանելու առումով, եւ այդ ծիրին մէջ ան գործակցած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ` արգիլելու համար թշնամի Իսրայէլին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները:

Նշենք, որ լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանամերձ շրջանին վրայ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը խիստ հսկողութիւն բանեցուցին եւ շրջուն ջոկատներու դրութիւնը որդեգրեցին` պահպանելու համար ցուցարարներուն անվտանգութիւնը:

Հարկ է նշել նաեւ, որ ցուցարարներուն դէմ կրակելէ բացի, իսրայէլեան օդուժը ուղղաթիռներով թռիչքներ գործեց Մարուն Ռասի վերեւ, իսկ իսրայէլացի սահմանապահ զինուորներուն թիւը բարձրացաւ եւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ որդեգրուեցան զինուորական արտակարգ միջոցներ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ցաւ յայտնուեցաւ ցոյցին ընթացքին արձանագրուած զոհերուն համար` աւելցնելով, որ ինք անձամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է տարբեր կողմերուն հետ եւ բոլորին կոչ ուղղած է ինքնազսպումի ենթարկուելու, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել նման կացութեան մը:

Զօր. Ասարթա հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական միջոցառումներ որդեգրելու իսկական կարիք կայ` կանխարգիլելու համար Կապոյտ գիծին մօտ արձանագրուելիք հաւանական այլ միջադէպերը եւ պահպանելու համար ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

Զօր. Ասարթա հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ պատրաստ է որեւէ օժանդակութիւն մատուցելու լիբանանեան բանակին` անոր հետ գործակցութեան շրջագիծին մէջ:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը` անդրադառնալով Մարուն Ռասի եւ Կոլանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն, յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ Դամասկոսը պատասխանատու կը նկատէ այդ շարժումներուն:

Այս ծիրին մէջ իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբերը յայտնեց, որ Մարուն Ռասի մէջ ցուցարարները իրաւունք չունին ոտնձգութիւններ գործելու իսրայէլեան գերիշխանութեան դէմ:

ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԻ ԱԼԻՔ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ոճրային արարքները, որոնք գործուեցան երէկ հարաւային Լիբանանի, Կոլանի եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերուն ընթացքին:

Նախագահ Սլէյման իսրայէլեան ոճրային այս քստմնելի արարքը միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան յանձնեց, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործունէութեան ընդմէջէն:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Պաղեստինեան աղէտը կը շարունակէ մնալ  Իսրայէլի ճակտին դրոշմուած ամօթի խարանը` կոչ ուղղելով ձեռնարկելու միջազգային շարժումի մը, որ կը միտի լուծել պաղեստինեան հարցը:

Այս առիթով ան վերահաստատեց նաեւ, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ պաղեստինցիներուն բնակեցումը մերժելու իր կեցուածքէն:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանէն, որ հաստատեց Քաթարի զօրակցութիւնը Լիբանանին:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման հարաւային եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն մանրամասնութիւնները քննարկեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց Մարուն Ռասի մէջ պաղեստինցի անզէն ցուցարարներուն դէմ թշնամի Իսրայէլի կողմէ բացուած կրակը եւ գործած մարդկային ոճիրները: Ան իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց ինկած զոհերուն համար:

Միւս կողմէ, Պաղեստինեան աղէտին 63-ամեակին առիթով Պըրրի ողջունեց պաղեստինցի ժողովուրդը, նահատակներն ու պաղեստինցի արգելափակեալները, որոնք իսրայէլեան բանտերուն մէջ ահաւոր տանջանքներու կ՛ենթարկուին:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց պաղեստինցիներուն բարձրացնելու իրենց ձայնը` յայտարարելու համար պաղեստինեան միասնականութիւնը:

Գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրիի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը շեշտեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան յանձնառու Լիբանանը իսրայէլեան ուժերուն կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ անզէն ցուցարարներու սպանութիւնը անարգ ոճիր կը նկատէ, կը մերժէ թշնամիին գործած այդ բռնարարքները եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պատասխանատու կը նկատէ Իսրայէլը հաշուետուութեան կանչելու:

Այս ծիրին մէջ, Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին եւ բանակի հրամանատարին հետ:

Նշենք, որ Մուսթաքպալ հոսանքը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց հարաւային Լիբանանի մէջ գործուած ոճրային արարքները եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, որոնց պատասխանատու նկատեց Իսրայէլի կառավարութիւնը:

Մուսթաքպալ հոսանքը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ստիպելու Իսրայէլը` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու:

Նշանակուած վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց դատապարտումի հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Իսրայէլ իր վայրագութիւնը փաստելու կարիքը չունէր, սակայն ան ՄԱԿ-ին եւ միջազգային ընտանիքին աչքին առջեւ կատարեց իր սպանդը` զգետնելով անզէն ցուցարարներ:

Միքաթի մերժելի նկատեց մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը` կոչ ուղղելով պաղեստինցիներուն ամրապնդելու իրենց ազգային հաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհուրդ տուաւ լիբանանցիներուն զգուշանալու Լիբանանի դէմ մնայուն կերպով սպառնացող Իսրայէլի վտանգէն:

Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը ողջունեց նահատակութիւնը իսրայէլեան փամփուշտներով ինկած զոհերուն, որոնք իրենց հոգիները նուիրեցին դէպի Պաղեստին տունդարձի նպատակին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ մէկը մեծ փաստ մըն է, որ Պաղեստինեան աղէտէն 60 տարի ետք, պաղեստինցիներուն սրտին ու խղճին մէջ

հայրենի հողեր վերադառնալու կամքը տակաւին անմեռ կը մնայ:

Հըզպալլա խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ոճիրները` զանոնք նկատելով անարգ եւ քստմնելի ոճիրներ:

Հըզպալլայի հաղորդագրութիւնը միջազգային հաստատութիւններէն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններէն պահանջեց այս մասին յստակ կեցուածք որդեգրել` հեռու մնալու համար Իսրայէլի գործած ոճիրներուն մեղսակից նկատուելու յանցանքէն:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ մտահոգութիւն յայտնեց հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանին ապահովական զարգացումներուն գծով եւ ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն խիստ ինքնազսպումի դիմելու` յարգելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

Ան դրուատեց բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը եւ պահանջեց անմիջապէս կասեցնել արձանագրուած սահմանային լարուածութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES