50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 17 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍԵԱՆ

«ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
40 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ»

 

Այս վերնագիրը կը կրէ ակադեմիկոս Վ. Համբարձումեանի ակնարկը, զոր վերջերս լոյս ընծայեց գիտութեան ակադեմիայի հրատարակչականը:

Համառօտակի ներկայացնելով համաշխարհային գիտութեան մէջ հայ գիտնականներուն բերած աւանդը` աշխարհահռչակ գիտնականը իր այս դիրքով, «Բնագիտական ուսողական գիտութիւններ, «Երկրաբանական, քիմիական եւ մասնագիտական գիտութիւններ,» «Բժշկական գիտութիւններ» եւ «Հասարակական գիտութիւններ» գլուխներուն մէջ, հանգամանօրէն ցոյց կու տայ հայ գիտանականներուն գիտական աշխատանքին թափն ու մակարդակը:

ԿԵԱՆՔԸ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ազգային բուժարանի տնօրէնութիւնը կը հաղորդէ.-

Ամսոյս 7-ին, Ալէյի թատերասիրաց խումբը, ղեկավարութեամբ Ե. Գարաճեանի, բուժարան այցելելով ներկայացուց «Կարապետ քեռի» երեք արար կատակերգութիւնը` գոհ ձգելով բոլոր հիւանդները:

Բուժարանի տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ խումբի ղեկավարին ու դերակատարներուն:

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՍԻՆԵՄԱՅԻ
ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Անցած երկուշաբթի գիշեր սինեմա «Քափիթոլի» մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պէյրութի վարչութեան կազմակերպած սինեմայի ձեռնարկը, որ բարոյական եւ նիւթական մեծ յաջողութիւն արձանագրեց:

Սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր հանդիսականներով, որոնք մեծապէս գնահատեցին օգնութեան խաչի կատարած ժապաւէնի ընտրութիւնը, որ կը յարմարէր օրուան նպատակին` իր բարոյալից բնոյթով եւ գեղարուեստական արժէքով:

Նիւթական տեսակէտին, այս ձեռնարկը օգնութեան խաչին ապահովեց 4000 լ. ոսկիէ աւելի զուտ հասոյթ մը, որ պիտի յատկացուի կրթական նպատակներու:

Միջնարարին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ երեք բախտաւորներ շահեցան «Հուվըր», Վարդան Ազիրեան եւ Բիւզանդ Թիւթիւնճեան հաստատութեանց կողմէ եղած նուէրները:

ԱՐՓԻՆԷ ՓԵՀԼԻՒԱՆԵԱՆԻ
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, այսօր`երեքշաբթի, 16 մայիս, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ծանօթ երգչուհի, դաշնակահարուհի Արփինէ Փեհլիւանեանի երգահանդէսը` հովանաւորութեամբ նախարար Խաչիկ Պապիկեանի:

Ա. Փեհլիւանեան սիրուած դէմք մըն է Պէյրութի երաժշտասէր հասարակութեան կողմէ, որ իր արուեստագէտի խառնուածքով, այլ մանաւանդ հայեցի շունչով բազմիցս գնահատուած է մեր բեմերուն վրայ, մասնաւորաբար` իբրեւ դաշնակահարուհի:

Պէյրութի պետական երաժշտանոցի երբեմնի ուսուցչուհի` Ա. Փեհլիւանեան գիտէ անձնական զօրաւոր դրոշմ դնել իր մեկնաբանութեանց վրայ` թէ՛ երգարուեստի եւ թէ՛ դաշնակի պարագային:

Համազգայինի վարչութիւնը գնահատելի գործ մը կատարած կ՛ըլլայ այս երգահանդէսով, որ վստահ ենք, մեծ ընդունելութիւն պիտի գտնէ երաժշտասէր հասարակութեան մէջ:

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ

Աշխարհահռչակ երգահան Արամ Խաչատուրեանի վերջին նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի գիշեր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ, ստուար բազմութեան մը ներկայութեան: Չորս երեկոյթներու ընթացքին ալ անուանի երգահանը, իր համբաւին համապատասխան փայլուն յաջողութեամբ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ, որոնք անոր մէջ տեսան հայութեան ստեղծագործ հանճարին մէկ արտայայտութիւնը:

Լիբանանեան բոլոր թերթերը դրուատական ընդարձակ սիւնակներ նուիրեցին մեծ երգահանին` վեր հանելով անոր ստեղծագործութիւններուն արժէքը, որ զինք ներկայիս կը դասէ մեծ երաժիշտներու կարգին:

Share this Article
CATEGORIES