ԱՆԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ. ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՆՐԷՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՈՂՋ ՄՆԱԼ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ՁԳՈՂԱԿԱՆ ՈՒԺԷՆ ՉՈՐՍ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ԱՆԳԱՄ ԱՒԵԼԻ ԵՂՈՂ ՁԳՈՂԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ…
Ապրիլի վերջաւորութեան Ճափոնի մէջ կատարուած նորագոյն ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ կարգ մը տեսակի մանրէներ կրնան ողջ մնալ երկրագունդին ձգողական ուժէն մօտաւորապէս չորս հարիւր հազար անգամ աւելի եղող ձգողական ուժի ազդեցութեան տակ:
Ինչ կը վերաբերի մարդոց, ապա անոնք կրնան տոկալ երկրագունդին մակերեսին եղող ձգողական ուժէն մօտաւորապէս 3 – 5 անգամ աւելի եղող ձգողական ուժի ունեցած ազդեցութեան` նախքան իրենց ուշքը կորսնցնելը:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ճափոնցի կենսաբան Շիկերու տեկուչի ըսած է, թէ երկրագունդին ձգողական ուժէն չորս հարիւր հազար անգամ աւելի եղող ձգողական ուժ գոյութիւն ունի տիեզերական միջավայրերու մէջ միայն, ինչպէս, օրինակ, հսկայ աստղերուն վրայ եւ կամ անոնց շուրջ գտնուող ցնցում յառաջացնող ալիքներուն մէջ:
Մասնագէտ Տեկուչի ու անոր ընկերացող մասնագէտներու խմբակը կրցած են նման տարողութեամբ ձգողական ուժ յառաջացնել երկրագունդին վրայ անդրակեդրոնախոյս ուժերով բանող կազմածի մը միջոցով: Անոնք չորս տեսակի մանրէներ տեղադրած են նշեալ կազմածին մէջ, որ արագօրէն դառնալով` հետզհետէ ձգողական ուժի հսկայ տարողութիւններ ստեղծած է մանրէներուն մօտ:
Նշեալ պայմաններուն մէջ մանրէները իրարու վրայ կուտակուած են, սակայն անոնց իրարու այդքան մօտիկ ըլլալը չէ կասեցուցած անոնց աճը: Այսուհանդերձ, չորս տեսակի մանրէներն ալ բնական կերպով աճած ու բազմապատկուած են երկրագունդին ձգողական ուժէն տասնեակ հազար անգամ աւելի եղող ձգողական ուժի ազդեցութեան տակ:
ՄԵԾ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՁԳՈՂԱԿԱՆ ՈՒԺԻ
ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ՊԻՆԴ
ՍԵՂՄՈՒՈՂ ԿԵՐՏՈՒԱԾՔՆԵՐԸ
Մասնագէտ Տեկուչի բացատրած է, թէ մանրէներուն այդքան բարձր տարողութեամբ ձգողական ուժի ազդեցութեան տոկալու կարողութիւնը մասամբ մը առնչուած է անոնց չափին հետ: Այսուհանդերձ, որքան մեծ եղած է ապրող էակի մը չափը, այնքան աւելի զգայուն եղած է անիկա ձգողական ուժին ունեցած ազդեցութեան: Այսպէս, օրինակ, մարդոց ու անասուններուն բազմաբջիջ մարմինները կը սկսին տկարանալ ու կակուղնալ երկրագունդին ձգողական ուժէն միայն քանի մը անգամ աւելի եղող ձգողական ուժի ազդեցութեան տակ:
Մասնագէտ Տեկուչի աւելցուցած է նաեւ, թէ մարդոց ու անասուններուն մարմնին բջիջները բաղկացած են յատուկ կերտուածքներէ, ինչպէս, օրինակ, բջիջին կորիզէն, որ կը պարունակէ ծինային կերտուածքները, ինչպէս նաեւ` ուժանիւթ արտադրող կերտուածքներէն: Երբ նշեալ բջիջները կ՛ենթարկուին ձգողական ուժի բարձր տարողութիւններու, անոնց կերտուածքները պինդ կը սեղմուին եւ այս վերջիններուն բաղկացուցիչները խառնակոյտերու կը վերածուին նշեալ ուժին ազդեցութեան տակ, ինչ որ կը մղէ, որպէսզի բջիջները ոչնչացնեն իրենք զիրենք:
Միւս կողմէ, սակայն, մանրէները կազմող բջիջները չեն պարունակեր վերոնշեալ կերտուածքներուն նման կերտուածքներ, ինչ որ կենսաբանականօրէն նուազ հակամէտ կը դարձնէ զիրենք ձգողական ուժի հսկայ տարողութիւններէն ազդուելու վտանգին:
ԱՆՋՐՊԵՏԷ՞Ն ԵԿԱԾ…
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ կարգ մը մանրէներ կարողութիւնը ունին շատ աւելի լաւ ձեւով տոկալու հսկայ տարողութեամբ ձգողական ուժի ազդեցութեան քան` այլ տեսակի մանրէներ, սակայն ցարդ կարելի չէ եղած յստակացնել նշեալ երեւոյթին պատճառները:
Մասնագէտները հաւանական գտած են, թէ երկրագունդին ձգողական ուժէն հազարաւոր անգամ աւելի եղող ձգողական ուժի ազդեցութեան տակ ողջ մնացող մանրէները կրնան երկրագունդ հասած ըլլալ անջրպետին մէջ գոյութիւն ունեցող գիսաստղերէն ու աստղակերպ մարմիններէն` նկատի ունենալով, որ աստղագիտական կարգ մը տեսութիւններու համաձայն, սկզբնական ժամանակներուն անջրպետին երկարգունդին բխած ժայռի կտորները կրնան ճամբորդած ըլլալ երկրագունդին -ձգողական ուժէն մինչեւ երեք հարիւր հազար անգամ աւելի տարողութեամբ ձգողական ուժի ազդեցութեան տակ, որ կրնայ յառաջացած ըլլալ այդ բախումներէն:
Սակայն նման վարկած մը կարելի չէ եղած վաւերացնել` նկատի ունենալով, որ երկրագունդէն անդին կեանքի գոյութիւնը հաստատող յստակ ապացոյց մը գոյութիւն չունի տակաւին:
ՓԻՂԵՐՈՒ ՆՄԱՆՈՂ ՋՐԱԿՈՎԵՐԸ
ԲՈՒՍԱԿԵՐՆԵՐ ԵՆ…
Մարտի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը ովկիանոսագէտներ վիթխարի ջրակովերու նոր տեսակ մը գտած են համեմատաբար տաք ջուրերու մէջ: Նշեալ ջրակովերը յայտնուած են գլխաւորաբար արեւելեան Ափրկէի ու Աւստրալիոյ միջեւ տարածուած ջուրերուն մէջ, ներառեալ` Կարմիր ծովուն, ինչպէս նաեւ Հնդկաց ու Խաղաղական ովկիանոսներուն մէջ: Անոնք բուսակերներ են եւ իրենց երեւոյթով ու ապրելակերպով գրեթէ կը նմանին սովորական ջրակովերուն:
Նոր տեսակի ջրակովերը ստնաւորներ են եւ ունին կէտերուն պոչին նմանող տափակ պոչեր:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ նոր տեսակի ջրակովերը կը սնանին ծովերուն ու ովկիանոսներուն խորերը աճող խոտերով: Անոնք իրենց զգայուն ու ցցուած ցռուկով արմատախիլ կ՛ընեն այդ խոտերը ու ապա իրենց կոշտ շրթներով կը կտրտեն զանոնք:
Նշեալ ջրակովերը կրնան ջուրին յատակը մնալ ընդամէնը վեց վայրկեան` նախքան ջուրին մակերեսին բարձրանալն ու շնչելը: Անոնք իրենց ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընեն առանձին եւ կամ զոյգ-զոյգ լողալով: Անոնք հազուադէպօրէն հսկայ խումբեր կազմած կը լողան:
Նոր տեսակի ջրակովերուն յղութեան շրջանը կը տեւէ մէկ տարի. իսկ ծննդաբերելէն անմիջապէս ետք անոնք կ՛օգնեն, որպէսզի իրենց ձագը հասնի ջուրերուն մակերեսին եւ առաջին անգամ շնչէ: Նորածին ջրակովը իր մօր մօտ կը մնայ մօտաւորապէս տասնութ ամիս եւ յաճախ անոր լայն կռնակին վրայ հեծած կը շրջագայի ջուրին մէջ:
Ծանօթ է արդէն, որ ջրակովերը ձկնորսներուն համար փնտռուած որսեր են` նկատի ունենալով, որ անոնց միսն ու իւղը ինչպէս նաեւ մորթն ու ոսկորները ամբողջութեամբ կ՛օգտագործուին, ինչպէս նաեւ` կարելի է զանոնք դիւրութեամբ որսալ, քանի որ անվնաս անասուններ են:
Թէեւ վտանգուած անասուններու պահպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններ աշխատանք կը տանին ջրակովերու որսորդութիւնը նուազեցնելու կապակցաբար, սակայն անոնց թիւը տակաւին կը մնայ ուշագրաւ կերպով նուազած:
ՀՍԿԱՅ ՄԵԼԱՆԱՁՈՒԿԵՐԸ ԿԸ ՍԱՏԿԻՆ`
ՈՒԺԳԻՆ ՁԱՅՆԵՐՈՒ ԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ
ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ԹՐԹՌԱՑՈՒՄՆԵՐԷՆ
Մօտաւորապէս տասը տարի առաջ ձկնորսներ Սպանիոյ ծովեզերքէն յայտնաբերած են հսկայ մելանաձուկերու դիակներ: Օրին մասնագէտներ փորձած են բացատրել մելանաձուկերուն սատկելուն պատճառը: Անոնցմէ ոմանք հաւանական գտած են, թէ նաւերէն արձակուած ուժգին ձայներու ալիքներուն յառաջացուցած թրթռացումները կրնան պատճառ դարձած ըլլալ մելանաձուկերուն սատկելուն:
իսկ վերջերս սպանացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ մարդոց կատարած տարբեր աշխատանքներէն արձակուած ձայնի ալիքներուն թրթռացումները կ՛ազդեն ո՛չ միայն կէտերուն ու ծովային այլ ստնաւորներու վրայ, այլ նաեւ` մելանաձուկերուն ու այլ տեսակի գլխոտններու վրայ:
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը սպանացի ծովային կենսաձայնագէտ Միշել Անտրէ ըսած է, թէ աղմուկին յառաջացուցած ապականումը սկսած է հետզհետէ շատ աւելի ուշագրաւ ազդեցութիւն ունենալ ծովային կեանքին վրայ, քան` ինչ որ նախապէս կը կարծուէր:
Ծանօթ է արդէն, որ ծովերուն ու ովկիանոսներուն մէջ նաւերէն արձակուած տարբեր աղմուկներուն յառաջացուցած ապականումը ուշագրաւ ազդեցութիւն ունի դլփիններուն ու կէտերուն վրայ` նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց արձակած ձայնի ալիքներուն թրթռացումները կ՛օգտագործեն որսորդութեան ու իրենց ուղղութիւնը ճշդելու համար, ինչպէս նաեւ` իրարու հետ հաղորդակցելու համար: Այսուհանդերձ, ջուրերուն մէջ աղմուկին յառաջացուցած ապականումը կը խանգարէ նշեալ անասուններուն արձակած ձայները կը շփոթեցնէ զանոնք:
Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցոյց կը տրուի, թէ ձայնի ապականումը իր ուշագրաւ ազդեցութիւնը ունի նաեւ ծովային անողնայար անասուններուն վրայ, հակառակ անոր, որ անոնք իրենց արձակած ձայնի ալիքներուն թրթռացումները չեն օգտագործեր իրենց ապրելակերպին մէջ:
ՀՍԿԱՅ ՄԵԼԱՆԱՁՈՒԿԵՐՈՒՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ ԼՈՒԾՈՒԱ՞Ծ
2000-ի սկիզբը հսկայ մելանաձուկերու դիակներ յայտնուած են Սպանիոյ Ասթուրիաս կոչուած նահանգին ծովեզերեայ շրջաններէն: Օրին տեղւոյն ծովային միջավայրին ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ նկատած են, թէ հսկայ մելանաձուկերու դիակներ յայտնուած են, ամէն անգամ, որ մօտակայ նաւեր օդային թնդանօթներ արձակած են իրենց յատուկ եղող նպատակներու համար:
Հսկայ մելանաձուկերուն մնացորդները ուսումնասիրող մասնագէտները ուշագրաւ կերպով գտած են անոնց դիակները: Այսպէս, օրինակ, անոնց մկանները ճզմուած են, իսկ անոնց աչքերուն ետեւը հանգչող հեղուկ պարունակող կերտուածքին մէջ վէրքեր յառաջացած են: Նշեալ կերտուածքը կը նպաստէ հսկայ մելանաձուկերուն հաւասարակշռութեան ու դիրքին պահպանման:
Օրին ծովային կենսաբան Անժել Կուերա հաւանական գտած է, սակայն չէ կրցած ապացուցել, թէ նաւերուն արձակած օդային թնդանօթներուն յառաջացուցած աղմուկը վնասած է նշեալ գլխոտններուն:
Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութեան միջոցով կարելի եղած է ապացուցել, թէ այդ աղմուկին յառաջացուցած թրթռացումները սատկեցուցած են գլխոտնները:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները քննարկած են գլխոտններու ընտանիքին պատկանող չորս տեսակի անասուններու վրայ նաւերուն յառաջացուցած աղմուկին ունեցած ազդեցութիւնը: Մասնագէտները նկատի ունեցած են ութսունեօթը սատկեցուցած են գլխոտնները:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները քննարկած են գլխոտններու ընտանիքին պատկանող չորս տեսակի անասուններուն վրայ նաւերուն յառաջացուցած աղմուկին ունեցած ազդեցութիւնը: Մասնագէտները նկատի ունեցած են ութսունեօթը գլխոտններ, որոնց մէջ եղած են մելանաձուկեր, մելանաձուկեր, ինչպէս նաեւ` ութնոտններ:
Նշեալ անասունները երկու ժամ շարունակ առանձնաբար տեղադրուած են 157-175 տեսիպել ուժգնութեամբ ձայներ արձակող յատուկ միջավայրերու մէջ: Նման ուժգնութեամբ ձայներ սովորաբար կ՛արձակուին տարբեր նպատակներու ծառայող նաւերէ, ինչպէս, օրինակ, մարտանաւերու մէջ կայացած յատուկ քննութիւններու ընթացքին արձակուած ձայներն ու քարիւղ ու բնական կազ փնտռելու նպատակով ծովերուն ու ովկիանոսներուն յատակը պեղումներ կատարող նաւերուն գործածած սարքերուն արձակած ձայները:
ՄԱԶԱՆՄԱՆ ԲԱՂԿԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ
ՎՆԱՍՈՒԻԼԸ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ Է ԳԼԽՈՏՆՆԵՐԸ
Ապա մասնագէտները ութսունեօթը գլխոտններէն մաս մը սատկեցուցած են անմիջապէս, իսկ մաս մըն ալ` իննսունվեց ժամ ետք: Այսուհանդերձ, երկու ժամ շարունակ յատուկ ուժգնութեամբ ձայներ արձակող միջավայրերու մէջ մնալէն անմիջապէս ետք սատկեցուած անասուններուն աչքերուն ետեւը գտնուող հեղուկ պարունակող կերտուածքին հիւսկէններուն մէջ վնասուած բաժիններ նկատուած են:
Նշեալ հիւսկէններուն բջիջները կը պարունակեն մազա- նման բաղկացուցիչներ, որոնք սովորաբար կը ծռին, երբ գլխոտնները տեղափոխուին, եւ ատիկա կը նպաստէ անոնց հաւասարակշռութեան պահպանման:
Մասնագէտները գտած են, թէ հիւսկէններուն մէջ վնասուած են գլխաւորաբար այդ մազանման բաղկացուցիչները` այդպիսով հաշմանդամ դարձնելով գլխոտնները:
Ինչ կը վերաբերի իննսունվեց ժամ ետք սատկեցուած գլխոտններուն, ապա անոնց աչքերուն ետեւը գտնուող հեղուկ պարունակող կերտուածքին հիւսկէնները շատ աւելի մեծ տարողութեամբ վնասուած են: Այսուհանդերձ այդ հիւսկէններուն մէջ մեծ ծակեր յառաջացած են:
Մասնագէտ Անտրէ ըսած է, թէ ուժգին տարողութեամբ ձայներուն յառաջացուցած թրթռացումներուն պատճառով տարբեր հիւսկէններու վնասուելու գործընթացը տեղի կ՛ունենայ նաեւ ցամաքի վրայ ապրող ստնաւորներուն ու թռչնազգիներուն մօտ:
ՋԵՐՄԱՍՏԻՃԱՆԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ`
ՎՆԱՍԱԿԱՐ
Մասնագէտները նկատած են, թէ նախքան իննսուվեց ժամ ողջ պահուած գլխոտնները սատկեցնելը, այս վերջիններուն շարժումները ուշագրաւ կերպով դանդաղած են, ինչպէս նաեւ` անոնք ոչինչ կերած են:
Միւս կողմէ, մասնագէտները նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են նաեւ հարիւր այլ գլխոտններ, որոնք չեն ապրած ուժգին տարողութեամբ ձայներու թրթռացումներով ապականած միջավայրերու մէջ: Մասնագէտները գտած են, թէ նշեալ գլխոտնները առողջ մնացած են եւ շատ բնականոն վարուելակերպ ունեցած են:
Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած բոլոր գլխոտններն ալ պահած են միեւնոյն աւազանին մէջ` նախքան զանոնք փորձարկումներու ենթարկելը: Բոլոր անասուններն ալ շատ բնականոն վարուելակերպ ունեցած են եւ առողջ եղած են: Այսուհանդերձ, նշեալ իրողութիւնը զանց կ՛առնէ այն հաւանականութիւնը, թէ ութսունեօթը գլխոտանիներուն մարմինը կրնայ վնասուած ըլլալ նախապէս աւազանին մէջ անոնց բանտարկուած ըլլալուն պատճառով:
Թէեւ փորձակումներուն մէջ նկատի առնուած մելանաձուկերը շատ աւելի փոքր եղած են հսկայ մելանաձուկերէն, սակայն ատիկա բան չի փոխեր փորձարկումներէն ձեռք ձգուած արդիւնքներուն վաւերականութենէն:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ երբ ուժգին տարողութեամբ ձայնի ալիքներուն յառաջացուցած թրթռացումները վնասած են մելանաձուկերուն աչքերուն ետեւը գտնուող հեղուկ պարունակող կերտուածքին, ապա այս վերջինները իրենց հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով` չեն կրցած հակակշռել իրենց շարժումները եւ ջուրերուն մակերեսին հասնելով` սատկած են, քանի որ անոնց մարմինը չէ կրցած ինքզինք պատշաճեցնել ջերմաստիճանի փոփոխութիւններուն:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւր՝
«ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»