ԼՕԽ-Ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԷՆ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը, ինչպէս նախապէս յայտարարած էր, կը շարունակէ ամսական դրութեամբ գրադարանին մէջ հիւրընկալել մանկապատանեկան գիրքերու հեղինակներ եւ այցելուներ, որոնք փոքրիկներուն հետաքրքրող նիւթերու շուրջ կը զրուցեն աշակերտներուն հետ:
Ս. Յարութեան տօնին սեմին յանձնախումբը ծրագրեց հիւրընկալել քահանայ մը, որպէսզի ան փոքրիկները լուսաբանէ եւ մանրամասն բացատրութիւն տայ Ս. Յարութեան տօնին մասին:
Արդարեւ, ուրբաթ, 1 ապրիլ 2011-ին, գրադարան այցելեց Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան` բացատրելու իմաստը ծոմապահութեան, Աւագ շաբթուան, թէ ինչո՞ւ 40 օրեր սեւ վարագոյրով կը գոցուի եկեղեցւոյ խորանը, եւ` շատ մը ուրիշ բացատրութիւններ: Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ փոքրիկները ուշի-ուշով ունկնդրեցին տէր հօր բացատրութիւնները, ապա հարցումներ եղան, եւ իւրաքանչիւրը ստացաւ իրեն մտահոգող հարցումին պատասխանը:
Շնորհակալութիւն մեր յարգելի հիւրին, նաեւ` յանձնախումբի անդամներուն:
«ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ
ԳՐԱԴԱՐԱՆ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը նշեց Ս. Զատիկը, ուրբաթ, 15 ապրիլ 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-6:00, Արագած ակումբի «Սարգիս Զէյթլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 70 փոքրիկներու եւ անոնց ծնողներուն:
Յայտագիրը վարեցին Իրմա Ճէրէճեան եւ Սեւան Յովհաննէսեան: Ի. Ճէրէճեան բարի գալուստի խօսք արտասանելով, շնորհաւորեց ներկաներուն Ծաղկազարդն ու Ս. Զատիկը` մաղթելով բոլորին ուրախ օրեր: Ապա սկսաւ յայտագիրը, որ բաժնուած էր երեք մասերէ` խաղեր, երգ, պար, հաւկթամարտ: Բոլոր ներկայ փոքրիկները անխտիր մասնակից դարձան խաղերուն. իւրաքանչիւրին տարիքին համեմատ պատրաստուած էին խաղեր. խաղցան, երգեցին, պարեցին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հաւկթամարտը: Յայտագրի աւարտին իւրաքանչիւր փոքրիկ ստացաւ յատուկ Զատկուան նուէրը` պատրաստուած յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ, նաեւ խաղերուն յաղթող փոքրիկները ստացան նուէրներ:
Բոլոր ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան սրահէն` մաղթելով առողջ եւ ուրախ օրեր: