«Ասպարէզ»ի «Մկրտիչ Արարատեան» Գրադարանը Ստացել Է. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազդեցութիւնը Երգ-Երաժշտութեան Վրայ» Հեղինակ` Աւօ Գաթրճեան, Տպագրութիւն` Հալէպ, 2010թ.

Լուրջ եւ ժրաջան աշխատանքի արդիւնք է այս ուսումնասիրութիւնը, ընդ որում, հեղինակը ի մի է հաւաքել ու հատ-հատ բնութագրել մելամաղձոտ ու ռազմաշունչ աւելի քան 400 երգեր, որոնք ազդուած են Եղեռնի օրերի անմարդկային ու հրէշային, բայց հէնց նոյն մարդկութեան ձեռքով գործուած ոճիրների ու սպանդների իրականացումից:

620 էջերից բաղկացած ուսումնասիրութիւնը հեղինակը երախտագիտութեամբ ու յարգանքով ձօնել է «Ձեզի` մէկուկէս միլիոն մարտիրոսներ, որ մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն ցեղասպանութեան` օսմանեան կառավարութեան կողմէ 1915-ին ջարդի եւ արհաւիրքի այդ օրերուն, հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Մեծ եղեռնի ընթացքին բնաջնջուեցաք, տեղահանուեցաք ձեր հողերէն` Արեւմտահայաստանէն»:

Առաջին էջի վրայ ցանկագրուած ձօներից վերջինը հասցէագրուած է` «Ձեզի, երգ-երաժշտութեան արուեստագէտներ, որ ձեր ստեղծագործութեամբ դարձաք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը արթնցնող դեսպաններ»:

Գրքի ներածականին մէջ կարելի է կարդալ հետեւեալ տողերը. «…Այս աշխատասիրութիւնը փորձ մըն է` ուրուագծելու հայ երգ-երաժշտութեան հոլովոյթը, սկսած նախացեղասպանութեան շրջանէն, հասնելով մինչեւ սփիւռքի կազմաւորման հանգրուան, ինչպէս նաեւ` ժամանակակից շրջանը»:

Գիրքը ունի հակիրճ ներածական, որտեղ հեղինակը մատնանշում է այն հանգամանքը, որ երաժշտութիւնը բխում է մարդու հոգու խորքերից եւ խօսում է նրա ներաշխարհից, ուստի եւ այն լաւագոյն արտայայտիչն է մարդկային առօրեային` իր բոլոր կողմերով:

Նախաբանին առնչուող, սակայն ներածականին մէջ յիշուած` կայ ուշագրաւ մի տեղեկութիւն, որը բացայայտում է հեղինակի լուրջ մօտեցումը եւ հետեւողականութիւնը` գիրքը շարադրելու ընթացքին: «Նիւթը լուսաբանելու համար ուսումնասիրած ենք երգերը, երաժշտութիւնները` տարբեր աղբիւրներէ, զանազան լեզուներով: Ունեցած ենք բազմաթիւ հանդիպումներ եւ հաղորդակցութիւններ` մեր աշխատասիրութեան հետ առնչուող հայ թէ օտար արուեստագէտներու հետ: Նոյնպէս` ճամբորդած ենք զանազան բնակավայրեր, ուսումնասիրութիւնը խորացնելու եւ ճշգրիտ ու մանրամասն տեղեկութիւններ հաւաքելու միտումով» (էջ 15):

Նաեւ` «Հարկ է նշել, որ երգերու բառերուն կը զուգակցին բնականաբար երաժշտութիւններ: Ուստի այս գիրքին մէջ շատ աւելի յարմար պիտի ըլլար, որ այդ երգերուն, ինչպէս նաեւ մնացեալ դասական եւ այլ երաժշտութիւններու ձայնանիշներն (նոթա) ալ խօսքերու կողքին տեղ գտած ըլլային: Սակայն գիրքին լայնածաւալ ըլլալով` զայն ձայնանիշներով չուզեցինք խճողել…»:

Աշխատութիւնը ուշագրաւ է մի այլ յատկանիշով եւս: Մէջբերուած իւրաքանչիւր  բանաստեղծութիւն ունի նաեւ իր բացատրականը:

Հեղինակը գրքի վերջում անդրադարձել է այսօրուայ թրքական կառավարութեան որդեգրած հայկական Եղեռնը ժխտող քաղաքականութեան եւ Հրանդ Տինքի տմարդի սպանութեան:

Գրքի վերջում, երախտագիտական խօսքից առաջ, հեղինակը ունի նաեւ իր եզրակացութիւնը` 9 էջի ծաւալով:

Share this Article
CATEGORIES