Ամերիկեան «Տը Ուըրլտ Թրիպիուն» Թերթին Համաձայն Ծոցի Երկիրներ Չեչեն Վարձկան Զինեալներ Կը «Գործուղեն» Սուրիոյ Դէմ
Ամերիկեան «Տը Ուըրլտ Թրիպիուն» թերթին համաձայն, Ծոցի երկիրներ, յատկապէս` Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա, վերջերս չեչեն վարձկան զինեալներ Սուրիա «գործուղած» են` պատերազմելու համար նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ:
Ըստ նոյն աղբիւրին, 17 չեչեն վարձկան զինեալներ անցնող փետրուարին սպաննուած են Հալէպի մօտակայքը պատահած բախումներու ընթացքին:
Այս ծիրին մէջ չեչեն իսլամներ 2013-ին համացանցի ճամբով կոչ ուղղած են չեչեն զինեալներու` զինուորագրուելու եւ կռուելու համար նախագահ Ասատի վարչակարգին դէմ:
ՄԻՒՍ կողմէ` Սուրիական Ազատ Բանակը օտար իսլամներէն պահանջած է մնալ իրենց տուներուն մէջ եւ ընդդիմութեան օժանդակել նուիրատուութեամբ եւ զինամթերք հայթայթելով:
Իսկ ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անան յայտնեց, որ զինուորական միջամտութիւն մը ներկայիս Սուրիոյ մէջ ուշ է այլեւս:

