Տաւութօղլու Բարի Դրացնութեան Եւ Զերօ Հարցերու Իր Տեսակէ՞տը Կ՛ուզէ Վերահաստատել
Յառաջիկայ ուրբաթ Պաթումի մէջ վրացի եւ ազրպէյճանցի իր պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումին նախօրեակին, «դրացի երկիրներուն հետ զերօ հարցերու» կարգախօսով քաղաքական ասպարէզ նետուած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այսօր կ՛այցելէ Վրաստան, ուր խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ վրացի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ: Խորհրդակցութիւնները պիտի կեդրոնանան երկկողմանի յարաբերութեանց եւ շրջանի հրատապ հարցերուն վրայ:
Իրաքի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, Թուրքիոյ հետ նոր էջ մը բանալու:
CATEGORIES Միջազգային

