Աղջնակ Մը Զոհ Կ՛երթայ Ուրֆայի Մէջ Ծագած Հրդեհի Մը. Թուրք Զինուորներ Արցունքաբեր Կազով Կը Դիմակալեն Իրենց Վիճակէն Դժգոհ Սուրիացիներու Բողոքները

Մեծ հրդեհ մը ծայր առաւ երէկ Թուրքիա – Սուրիա սահմանամերձ Ուրֆա քաղաքի «Աքչա Քալէ»-ի սուրիական գաղթակայանին մէջ` պատճառ դառնալով սուրիացի աղջնակի մը հրկիզման եւ նիւթական մեծ վնասներու:

Դէպքը իր հետեւանքներով եկաւ առանց այդ ալ իրենց վիճակէն դժգոհ` Թուրքիա ապաստանած սուրիացի գաղթականները զայրացնելու: Անոնք հրդեհէն ետք փողոց իջան` բողոքելու գաղթակայանին մէջ իրենց ապրուստի պայմաններուն անտանելիութեան գծով: Թուրք ոստիկաններ արցունքաբեր կազեր սրսկելով փորձեցին լռեցնել բողոքի կանչերը:

 

Share this Article
CATEGORIES