Ասատ «Պրիքս»-էն Կը Պահանջէ Միջամտել` Խաղաղ Լուծման Համար. «Պրիքս»-ի Ղեկավարները Մտահոգ Են Սուրիոյ Վիճակին Վատթարացումով

Տիւրպանի մէջ (Հարաւային Ափրիկէ) գումարած իրենց վեհաժողովին ընթացքին «ՊՐԻՔՍ»-ի անդամ երկիրներու` Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի ղեկավարները երէկ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Սուրիոյ կացութեան վատթարացման գծով: Անոնք կոչ ուղղեցին Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման` մերժելով սուրիական տագնապի զինուորականացումը:

Այս ծիրին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ նամակով մը «ՊՐԻՔՍ»-ի ղեկավարներէն պահանջեց միջամտել` Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման յանգելու եւ վերջ տալու համար արիւնահոսութեան:

Միւս կողմէ` Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի հրաժարեալ նախագահ Մաազ Խաթիպ երէկ վերահաստատեց, որ ինք հաստատ կը մնայ իր հրաժարականի որոշումին վրայ: Բրիտանական թերթ մը նշած էր, որ Խաթիպ կրնայ յետս կոչել իր հրաժարականը` նշեալ Համաձայնական մարմինի կազմին ընդլայնումէն ետք:

Այլ գիծի վրայ Խաթիպ զարմանք յայտնեց, որ Արեւմուտքը կը մերժէ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած «Փաթրիոթ» տիպի ամերիկեան հրթիռներու սուրիական ընդդիմութեան յանձնելու իր առաջարկը: Խաթիպ Տոհայի արաբական վեհաժողովին կոչ ուղղած էր յատկապէս Արեւմուտքի երկիրներուն զինուորապէս օգնելու Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն` վերջ տալու համար Սուրիոյ արիւնահեղութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES