Իրան Եւ Ռուսիա Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Արաբական Լիկային Մօտ Սուրիոյ Աթոռը Ընդդիմութեան Փոխանցելու Քայլը

Տոհայի արաբական վեհաժողովէն անմիջապէս ետք, քննադատական բուռն կեցուածքներ դրսեւորուեցան վեհաժողովի ընթացքին Արաբական լիկային մօտ Սուրիոյ պաշտօնական «աթոռ»-ը ընդդիմութեան փոխանցելու քայլին առնչութեամբ:

Սուրիոյ կառավարութիւնը բուռն կերպով քննադատեց Արաբական լիկան` ընդգծելով, որ իր այս քայլով Արաբական լիկան կողմ կը դառնայ: Հաղորդագրութեամբ մը արտայայտած իր բողոքին մէջ, սուրիական կառավարութիւնը զգուշացուց առնչակից կողմերը, թէ իրենք ալ հեռու չեն սուրիական «հրդեհ»-էն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ապօրինի» որակեց Արաբական լիկայի այս քայլը` ընդգծելով, որ Սուրիոյ վարչակարգը օրինական ներկայացուցիչն է այդ «աթոռ»-ին:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի իր կարգին քննադատեց Արաբական լիկայի այս քայլը` նշելով, որ անիկա վտանգաւոր նախընթաց մը կը կազմէ եւ թէ զայն կատարողները պիտի կրեն իրենց այդ քայլին հետեւանքները: Սալեհի ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներու որոշումները թափ կու տան Սուրիոյ մէջ բրտութեան եւ արիւնահեղութեան շարունակման: Սալեհի վերահաստատեց, որ Իրան նախ եւ առաջ կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ բրտութեան կասեցման:

ՄԱԿ-ի աղբիւր մը յայտնեց, որ ՄԱԿ պիտի նուազեցնէ Սուրիոյ մէջ իր անձնակազմի անդամներուն թիւը` բրտութեան շարունակման պատճառով:

Share this Article
CATEGORIES