Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ամերիկեան եւ արաբական զգուշացումներ ստացած են զիրենք թիրախ դարձնող մահափորձերու մանրամասնութիւններուն մասին:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիական ազատ բանակի զինեալներ մշակած են ծրագիր մը, որուն հիման վրայ անոնք Թրիփոլին պիտի վերածեն իրենց զինուորական գործողութիւններուն կեդրոնին:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը` բաղկացած ոչ կուսակցական անդամներէ, որոնք չէզոք են եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրեն:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր իրավիճակը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող կառավարութիւն մը պիտի չնախագահէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն ազգային փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը: Ան աւելցուց, որ Տոհայի վեհաժողովը ամերիկեան հովանաւորութեամբ է, իսկ այդ վեհաժողովին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութիւնը` խստիւ դատապարտելի:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի աղբիւրներ յայտնած են, որ եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը քուէարկութեան դրուի, ապա իր պլոքը պիտի հեռանայ խորհրդարանէն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է ընտրական օրէնքի մը մշակումը եւ ոչ թէ կառավարութեան կազմութիւնը: Ան աւելցուց, որ արդէն իսկ ժամանակն է Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը քուէարկութեան դնելու:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 500 լ. ոսկիով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ Լիբանան իրենց համար կը մնայ բանալի երկիր մը, որուն դերակատարութիւնն ու գերիշխանութիւնը մնայուն կերպով արժանի է Եւրոպական Միութեան զօրակցութեան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Ուաշինկթընէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ ապակայունութիւնը Լիբանանի մէջ իրարանցում ստեղծելու առիթ մըն է եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ հոգալ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնն ու Լիբանանի մէջ անոր համակիրները դէպի Սուրիա կ՛ուղարկեն զէնք եւ զինեալներ: Լուքաշեւիչ աւելցուց նաեւ, որ Մոսկուա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը քաղաքական ըլլայ, ապա վարչապետի իրենց թեկնածուն Սաատ Հարիրին պիտի ըլլայ:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Ֆենրիլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքը պէտք է ըլլայ լիբանանեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը երկրին քաղաքական հարցերուն լուծման միակ միջոցն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիա մօտիկ ապագային պիտի յաղթէ զինք հարուածող ամէն տեսակի դաւադրութեան եւ պիտի բացայայտէ իրականութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա կոչ ուղղեց գործադրելու երկրին սահմանադրութիւնը եւ ամէնէն արագ միջոցին կազմելու Ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կառավարութիւնը Տէյվիտ Հէյլը պիտի նշանակէ Լիբանանի մէջ իր նոր դեսպանը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ ինք նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրին եւ Ֆուատ Սինիորան պատասխանատու կը նկատէ իրեն պատահելիք որեւէ փորձանքի կամ իր սպանութեան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Հաթեմ Մատի Պէյրութի վերադատ ատեանին փոխանցեց Տար Ֆաթուայի շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումին եւ այդ յանցանքով ձերբակալուած 7 կասկածելիներուն թղթածրարը:

