Լակոսի Մէջ Երեք Լիբանանցիներ Կ՛առեւանգուին

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Նիկերիայէն իմացաւ, որ Լակոսի մէջ առեւանգուած են երեք լիբանանցիներ, որոնցմէ երկուքը Մաթար ընտանիքէն են, իսկ մէկը` Հայտար:

Նիկերիոյ աղբիւրները յայտնեցին, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու համար առեւանգողները փրկագին պահանջած են` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` առեւանգուողները ազատ արձակելու նպատակով:

Աւելի ուշ հաստատուեցաւ Մաթար ընտանիքի անդամ առեւանգեալներուն ազատ արձակումը, սակայն Հայտար ընտանիքի անդամ առեւանգեալը մնաց առեւանգուած:

 

Share this Article
CATEGORIES