«Անձնական Հանգամանքով Յանձնառու Կը Մնամ Հանրապետութեան Միւֆթիին Եւ Տար Ֆաթուայի Ապահովութեան» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Էխհորեսթ եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց, որ ինք անձնական հանգամանքով յանձնառու կը մնայ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ Տար Ֆաթուայի ապահովութեան:

Ան մաղթեց նաեւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգուի, որովհետեւ Լիբանան կը դիմագրաւէ այնպիսի հանգրուան մը, որուն ընթացքին կը տիրեն շրջանային եւ համաշխարհային զգայուն պայմաններ:

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան մէջ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ:

Նշենք, որ Միքաթի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ նախագահել երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող կառավարութեան մը` աւելցնելով, որ Լիբանան այս հանգրուանին ազգային համախոհութեան կարիք ունի` շարունակել կարենալու համար իր ճամբան:

Share this Article
CATEGORIES