Զօր. Աուն Ընդունեց Հիւսէյն Խալիլը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ընդունեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլը` ներկայութեամբ հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Պասիլ յայտնեց, որ Ռապիէի մէջ կատարուած հանդիպումներուն ընթացքին կը քննարկուին ներկայ հանգրուանին լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ կեցուածքները համադրելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հիւսէյն Խալիլ իր կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ իրենք համաձայն են, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ հրաւիրուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստին քննարկելիք առաջին կէտը ըլլայ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

Խալիլ նշեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստ մը կայացնելու որոշումը Պըրրիին ձգուած է:

Խալիլ ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին 1960-ի ընտրական օրէնքին ջնջումին, «աւելի ստոյգ ըլլալու համար, այդ օրէնքը ջնջուած կը նկատենք», ըսաւ ան:

Հիւսէյն Խալիլ նաեւ աւելցուց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած են նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ նոր կառավարութեան մը կազմութեան վերաբերող խնդիրներ:

Share this Article
CATEGORIES