Նախագահ Սլէյման Վերադարձաւ Լիբանան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ կէսօրէ ետք վերադարձան Լիբանան` աւարտելէ ետք Արաբական լիկայի 24-րդ վեհաժողովին իրենց բերած մասնակցութիւնը:
Նշենք սակայն, որ նախագահ Սլէյման Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական իրավիճակն ու Ազեզի մէջ գտնուող ինը լիբանանցի առեւանգեալներուն թղթածրարը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Քի Մուն հաստատեց լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը եւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը երկխօսութիւն կատարելու ուղղութեամբ նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ճիգերուն:
Քի Մուն անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ցուցաբերուած չէզոք կեցուածքը պահպանելը:


