Պըրրի. «Տակաւին Չեմ Որոշած, Թէ Երբ Խորհրդարանը Պիտի Հրաւիրեմ Լիագումար Նիստի Մը»

Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երեսփոխաններուն յայտնեց, որ ինք տակաւին չէ որոշած, թէ ե՞րբ խորհրդարանը նիստի մը պիտի հրաւիրէ` նկատի ունենալով, որ ինք քաղաքական տարբեր ուժերուն եւ խորհրդարանական պլոքներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկներն ու պահանջները սերտելու ընթացքին մէջ է:

Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց լիբանանեան Ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր թղթածրարներուն նկատմամբ դրական մօտեցում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս կառավարութեան հրաժարելէն ետք:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որ անոր յանձնեց 69 երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած օրինագիծ մը, որուն մէջ կը պահանջուի ապահովական կառոյցներու պետերուն ծառայութեան տարիքը բարձրացնել:

Հանդիպումէն ետք Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ սկզբունքով Պըրրի համաձայն է այդ պահանջին, սակայն ինքնիրեն կը վերապահէ խորհրդարանի նիստի մը թուականը ճշդելու որոշումը:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ, որ յայտնեց, որ այս հանգրուանին ամէն բան կարելի է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES