ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Զօր. Աունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեցին Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ օրէնքի մշակումը եւ վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւնները:
Նշենք, որ երեսփոխան Յ. Բագրատունի առաւօտեան իր մասնակցութիւնը բերաւ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած Ամալ շարժումի, Հըզպալլայի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններուն հանդիպումին, որմէ ետք երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` հրաւիրելու լիագումար նիստի մը, վաւերացնելու համար Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

