Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջան. Հայ Դատի Պաշտպանութեան Օրուան Նուիրուած Նախաձեռնութիւնը Այս Տարի Առանձնակի Նշանակութիւն Պիտի Ունենայ

Ըստ «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարման հարցերով կոմիտէի նախագահ Արմէն Կարապետեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ Քալիֆորիա նահանգին մէջ կազմակերպուած Հայ դատի պաշտպանութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկը այս տարի առանձնակի նշանակութիւն ունի:

«Այս ընտրական տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ թիւով նոր օրէնսդիրներ ընտրուած են, ուստի հրամայական է, որ մենք սկսինք իրազեկել նոր նշանակուած եւ աւագ օրէնսդիրներուն պատմական մեծ կարեւորութեան հարցերու` Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պետութեան ընթացիկ գործերուն մէջ անոնց ունեցած ազդեցութեան մասին», նշեց Արմէն Կարապետեան:

Այս տարի ձեռնարկները պիտի սկսին 14 ապրիլի երեկոյեան, սակայն «Շահերու պաշտպանութեան օրը» պաշտօնապէս պիտի սկսի 15 ապրիլին` երկուշաբթի առաւօտեան, երբ գործիչները պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան, հանդիպում պիտի ունենան Հայ դատի միւս պաշտպաններուն, տարբեր պետական պաշտօնեաներուն հետ: Պիտի ցուցադրուի նաեւ հայ-ամերիկեան ներդրողներու` բժշկութեան, ճարտարապետական եւ այլ մարզերուն մէջ կատարած ներդրումները ներկայացնող տեսանիւթ:

Ամէն տարի կազմակերպուող այս նախաձեռնութիւնը կարելիութիւն կու տայ ամերիկահայ գործիչներուն եւ Հայ դատի պաշտպաններուն Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրներուն ներկայացնելու իրենց համայնքներու կարիքները, զանոնք յուզող հարցերը, ծանօթանալու նոր մարդոց հետ, ամրապնդելու կապերը ծերակուտականներուն հետ եւ որոշակի քայլեր ձեռնարկելու զանոնք յուզող խնդիրներու լուծման համար:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակը հայ-ամերիկեան մեծագոյն եւ ազդեցիկ կազմակերպութիւնն է Արեւմտեան Նահանգներուն մէջ, որ, համագործակցելով տարբեր գրասենեակներու եւ կազմակերպութիւններու մեծ ցանցին հետ, կը բարձրացնէ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը յուզող բազմաթիւ հարցեր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES