Կայացաւ Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Համակարգող Մարմինի Նիստը

(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի համակարգող մարմինի նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներ:

Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրական անձնակազմի անդամ Վահրամ Էմմիեան:

Նիստը կը վարէր Լրագրողներու համահայկական ընկերակցութեան համակարգող մարմինի ղեկավար Շահան Գանտահարեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով արդիւնաւէտ համաժողով կազմակերպելու համար` ան նշեց, որ համաժողովէն ետք էապէս աշխուժացած է կապը հայրենի եւ սփիւռքահայ մամուլին միջեւ եւ հայրենի մամուլը աւելի շատ սկսած է հետաքրքրուիլ սփիւռքի կեանքով:

Քննարկուեցան Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի արդիւնքներուն, դրուած խնդիրներուն եւ ըստ առաջնահերթութեան` անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերող հարցեր: Նիստին մասնակիցները անդրադարձան նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ ղարաբաղեան շարժման եւ սումկայիթեան ջարդերու 25-րդ տարելիցի արձագանգներուն, 2013 թուականի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն շրջանային յառաջիկայ հաւաքներուն հրաւիրելու հարցերը:

Խօսելով Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի համակարգող մարմինի ընթացիկ աշխատանքներուն մասին` Շահան Գանտահարեան տեղեկացուց, որ այժմ բոլոր առաջարկները ուսումնասիրուած եւ համակարգուած են:

Նիստին հեռակապով մասնակցեցան Ռուսիոյ «Նոյեւ Քովչեք» մետիայի տնօրէն եւ համանուն թերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան, Միացեալ Նահանգներէն լրագրող Յակոբ Վարդիվառեան, Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան:

Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ մինչեւ 2015 թուական` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, պէտք է օգտագործուին բոլոր կարելի ամպիոնները եւ լսարանները` նիւթին շուրջ լայն քննարկումներ ծաւալելու համար: Այս իմաստով անհրաժեշտ են որոշակի աշխատանքներ օտարալեզու մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախարարը մասնաւորաբար յայտնեց հետեւեալը. «Մենք` հայերս, գիտենք պատմական ճշմարտութիւնը, իսկ օտարները իրազեկելու համար անհրաժեշտ են նիւթեր իրենց հասկնալի լեզուներով»: Նախարար Յակոբեան կարեւոր նկատեց նաեւ աշխատանքը այն թուրք լրագրողներուն հետ, որոնք կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ աշխատանք կը տանին Թուրքիոյ ու աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ հարցի ճշմարտացի ներկայացման ուղղութեամբ:

Նախարարը ներկաներուն ուշադրութեան հրաւիրեց նաեւ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման ուղղութեամբ տարուող լեզուաքաղաքականութեան խնդիրին եւ այդ ուղղութեամբ լրագրողներու ընելիքներուն:

Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան` համահայկական եւ տեղեկատուական դաշտի ձեւաւորման գործին մէջ ձեռնարկած բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններուն համար:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ իրականացուող ձեռնարկներուն անդրադարձաւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան: Ան յստակացուց կատարուելիք երեք գլխաւոր աշխատանքները` մեր առջեւ դրուած գլխաւոր նպատակը, անոր իրագործման համար կազմակերպուելիք ձեռնարկները եւ այն միջոցները, որոնք պիտի պահանջուին այդ ձեռնարկներու իրականացման համար:

Միացեալ Նահանգներէն լրագրող Յակոբ Վարդիվառեան հեռակապի միջոցով խօսեցաւ 100-ամեայ տարելիցի ձեռնարկներուն օտարալեզու լրագրողներուն ներգրաւման անհրաժեշտութեան մասին:

Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ամառնային դպրոց» ծրագիրը կեանքի կոչելու եւ արդիւնաւէտ կազմակերպման մեծապէս աջակցելու համար` ներկայացուց դպրոցի 2013-ի ծրագիրը:

Նաղաշ Մարտիրոսեան նիստին ներկայ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղեց Ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն շրջագիծին մէջ մասնակիցներուն համար հանդէս գալ անմիջական կամ հեռավար դասախօսութեամբ:

Դիմելով սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն եւ խմբագիրներուն` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ անոնք հեղինակութիւններ են իրենց համայնքներուն մէջ եւ այս ուղղութիւններով աշխատանքներու իրականացման գործին մէջ հայ համայնքներուն կողմէ իրականացուող լոպիինկը կրնայ մեծ արդիւնքներ տալ: Նախարարը նաեւ յայտնեց, որ այս գործին մէջ լաւագոյն կարգախօսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամն է. «Յիշել, յիշեցնել, պահանջել»:

Share this Article
CATEGORIES