Արցախ. Նախագահ Սահակեան Այցելեց Ասկերան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Ասկերան եւ մասնակցեցաւ վարչակազմի 2012-ի գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութեան նուիրուած նիստին:
Զեկուցումներով հանդէս եկան Ասկերանի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սերկէյ Գրիգորեան եւ տարբեր ստորաբաժանումներու պատասխանատուներ:
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին շրջանային վարչակազմի կողմէ իրականացուած է աշխուժ աշխատանք: Ըստ նախագահ Բակօ Սահակեանի, միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է պահպանել աշխատանքներու դրական ուժականութիւնը, որպէսզի լուծուին շրջանին մէջ տակաւին առկայ բազմաթիւ խնդիրները:
Նախագահը յանձնարարականներ տուաւ վարչակազմին եւ համապատասխան մարմիններու ղեկավարներուն` աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Հաշուետու նիստին կը մասնակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ:


