«Յովհաննէսեանի Ըսելիքն Ու Քայլերը Մեզի Համար Տակաւին Յստակ Եւ Տեսանելի Չեն» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան
ՀՅԴ-ն դեռ չէ որոշած, թէ պիտի մասնակցի՞ Սերժ Սարգսեանի երդմնակալութեան, թէ՞ ոչ: Երէկ ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` խօսելով ներքաղաքական իրավիճակին եւ Սերժ Սարգսեան-Րաֆֆի Յովհաննէսեան նամակագրութեան ու անոր հետագայ զարգացումներուն մասին յայտնեց, որ ներկայ իրավիճակը լուծում կը պահանջէ եւ որոշ բան տեղէն շարժած է: Ըստ Վարդանեանի, փոփոխութիւններ բերող հիմնական լուծումներ պէտք են, եւ գործող իշխանութիւնը պէտք չէ պակաս պատասխանատուութիւն ունենայ` իրավիճակէն դուրս գալու համար:
Դաշնակցութեան առաջարկները արդէն բոլորը գիտեն. անոնք այն 7 կէտերն են, որոնք առաջարկուած էին տակաւին նախագահական ընտրութիւններէն առաջ: Վարդանեան չի կանխատեսեր, որ այս ամէնը ինչպէս պիտի աւարտի:
Լրագրողներէն մէկը հարց տուաւ, որ արդեօք կարելի է՞, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մասնակցի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք Րաֆֆի Յովհաննէսեանի երդմնակալութեան արարողութեան:
Վարդանեան պատասխանեց. «Դուք կրնա՞ք ինծի ըսել, որ 9 ապրիլին Րաֆֆի Յովհաննէսեան ուր պիտի գտնուի: Ես չեմ գիտեր, որ 9 ապրիլին ի՞նչ պիտի պատահի: Ընտրութիւնները աւարտած են, եւ Դաշնակցութիւնը յայտարարութիւններ կատարած է: Մենք այդ տեսակը չենք, որ երբ բարձրախօս տեսնենք, վազենք եւ ատիկա օգտագործենք: Անիմաստ կ՛ըլլայ, եթէ մենք Ազատութեան հրապարակին վրայ մէկ բան ըսենք, իսկ Րաֆֆին` այլ բան»:
Վարդանեան նաեւ նշեց միջադէպ մը` ՀՅԴ-Ժառանգութիւն յարաբերութիւններուն մէջ, երբ Րաֆֆի Յովհաննէսեան խոստացած էր իր ծրագիրը ներկայացնել, Ժառանգութիւնը Դաշնակցութեան հարց տուած էր, որ արդեօք կարելի՞ է այդ օրը ցանկանան բեմէն խօսք առնել: Դաշնակցութիւնը տարակուսած էր, որ ինչպէ՞ս ատիկա պիտի կատարուի առանց Րաֆֆիի ըսելիքը իմանալու: Աղուան Վարդանեան նկատել տուաւ, որ տակաւին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ըսելիքն ու քայլերը իրենց համար յստակ եւ տեսանելի չեն: «Մենք այսօր ալ շարժման հետ ենք, ժողովուրդի հետ ենք, եւ եթէ ըսելիք կ՛ունենանք` կ՛ըսենք», վստահեցուց ան` հաւանաբար նկատի առնելով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետագայ հաւանական քայլերուն տրամաբանութիւնը:

