«Եթէ Չյաջողեցանք Նախընտրական Դաշինք Ձեւաւորել, Պիտի Փորձենք Յետընտրական Դաշինք Ձեւաւորել» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ընդդիմադիր եւ ոչ իշխանական ուժերը բանակցութիւններ կը վարեն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք իրենց ստանալիք քուէները միաւորելու շուրջ:
Նախորդ շաբաթներուն ոչ իշխանական եւ ընդդիմադիր չորս ուժերու` ՀՅԴ-ի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Ժառանգութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսին միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան երեւանեան ընտրութիւններուն միասնական ցուցակով մասնակցելու շուրջ, սակայն` ապարդիւն:
Ռուստամեան նշեց, որ նախ հանդիպում տեղի ունեցաւ Ժառանգութիւն եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւններուն հետ, սակայն բանակցութիւնները արդիւնք չտուին: Ա. Ռուստամեան յայտնեց, որ եթէ վերոյիշեալ երկու ուժերուն հետ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուէին, իրենք կը պատրաստուէին միաւորուելու կարելիութիւնը նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսին հետ քննարկելու:
«Սակայն եթէ չյաջողինք նախընտրական դաշինք ձեւաւորել, մենք պիտի փորձենք ձեւաւորել յետընտրական դաշինք», ըսաւ Ա. Ռուստամեան` աւելցնելով. «Երկկողմանի քանի մը ուղղութիւններով խօսակցութիւն եղած է, ատոր մասին Հայ ազգային քոնկրեսն ալ կարծես նաեւ յայտարարած է, որ ճիշդ կը գտնէ այդ մօտեցումը: Ճիշդ պիտի ըլլայ, որ մնացած քաղաքական ուժերն ալ ատիկա ճիշդ գնահատեն եւ իսկապէս անհասկնալի պիտի ըլլայ, թէ ասիկա, օրինակ, ինչու տեղի չունենար»:

